Միացեալ Նահանգներու Օքսըն Հիլ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին Սապրիել Մաթիասի (Փորթօ Ռիքօ) դէմ իր կատարած մենամարտին իր ստացած վնասուածքներուն պատճառով մահացաւ 28 տարեկան ռուս կռփամարտիկ Մաքսիմ Տատաշեւ, յայտնեց ռուսական մամուլը:
Ամբողջ մենամարտին ընթացքին Տատաշեւ բազմաթիւ ծանր հարուածներ ստացաւ իր գլուխէն:
11-րդ ռաունտին անոր խումբը ընդունեց պարտութիւնը: Սակայն ատկէ ետք ուղեղային արիւնահոսութեան պատճառով ան մահացաւ:
Արհեստավարժ իր մրցասպարէզին ընթացքին Տատաշեւ կատարած է 14 մրցում` արձանագրելով 13 յաղթանակ: