Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցած է հանրապետական ծերակուտականներու հետ: Քննարկուած են Թուրքիոյ վերաբերող շարք մը հարցեր, ներառեալ` Ռուսիայէն գնուած «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու թեման: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Դռնփակ հանդիպումին մասնակցած է 45 ծերակուտական: Քննարկուած է Թուրքիոյ դէմ «Ամերիկայի հակառակորդներու դէմ պատժամիջոցներու կիրարկման մասին» օրէնքի կիրարկման հարցը:
«Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ 90 վայրկեան տեւողութեամբ ժողովին մասնակից ծերակուտականներուն շարքին էին Լինտսի Կրահամ, Թետ Քրուզ, Միչ ՄքՔոնըլ, Ռանտ Փոլ, Մարքօ Ռուպիօ եւ Թոտ Եանկ:
Ըստ այլ աղբիւրներու, Թրամփ վիճաբանութիւն ունեցած է ծերակուտականներէն մէկուն հետ:
Ըստ միջազգային եւ թրքական մամուլին, Թրամփ կողմնակից չէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելուն եւ բազմիցս յայտարարած է, թէ այս իրավիճակին միակ մեղաւորը նախկին նախագահ Պարաք Օպաման է, որ ժամանակին մերժած է Թուրքիոյ վաճառել ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, որմէ ետք Թուրքիան սկսած է Ռուսիոյ հետ «Էս-400»-ներ ձեռք բերելու բանակցութիւններուն:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց. «Պատժամիջոցներու ոչ մէկ սպառնալիք, ըլլայ այդ տողատակի կամ բացայայտ, կրնայ Թուրքիան ետ կանգնեցնել իր արդար դատէն»:
«Այսօր մենք հպարտ ենք նշելու 96-ամեակը ստորագրութեան Լոզանի դաշնագիրին` Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր փաստաթուղթին, ինչպէս նաեւ 100-ամեակը անկախութեան ճակատամարտի սկիզբին, եւ մենք ուրախ ենք, որ հասանք այս առիթին», նշեց Էրտողան:
«Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, այսօր եւս ուժն ու վճռակամութիւնը ունի արմատախիլ ընելու իր անկախութեան, վերապրումին եւ իր քաղաքացիներու անվտանգութեան ու ապահովութեան որեւէ սպառնալիք», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահը:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Թուրքիոյ վերջին քայլերը, ներառեալ` արեւելեան Միջերկրականի մէջ բնական հարստութիւններու պեղումը եւ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւնները, յստակօրէն ցոյց կու տան Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ անոր քրոջ` «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան» իրաւունքները պաշտպանելու վճռակամութիւնը: