35 Համալսարանականներ
Կ՛անցնին Դաշնակցութեան Շարքերը
Երէկ` հինգշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին քաղաքի Ժողովրդային տան մէջ, տեղի ունեցաւ երդման յուզիչ արարողութիւն մը: ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ 35 ընկեր-ընկերուհիներ կատարեցին իրենց երդումը` անցնելով մեր կուսակցութեան շարքերը:
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ երէց եւ պատասխանատու ընկերներ, ինչպէս նաեւ` զանազան կոմիտէներու ներկայացուցիչներ:
Նորագիր ընկերներուն կնքահայրը եղաւ ընկ. տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, որ խօսք առնելով` ընդգծեց այն պարտաւորութիւնները, որ կը ստանձնէ իւրաքանչիւր դաշնակցական, երբ կը կատարէ իր երդումը: Արարողութենէն ետք ընկերները բոլորուեցան խնճոյքի սեղանին շուրջ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ, երգերով ու խմբերգներով ողջունեցին նորագիր ընկերները:
Խնճոյքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին նաեւ ընկերներ` Կարօ Սասունի, Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան, Արշաւիր Յովսէփեան եւ Երուանդ Փամպուքեան:
Կարեւոր Օրակարգ…
Մարդկութեան մեծ տոկոսը, աւելի քան տասը օրէ ի վեր, քիչ մը մոռցած` իր միւս հետաքրքրութիւնները, իր առօրեան, շարունակ նայեցաւ վեր` հետեւելով առաջին լուսնագնացներուն հերոսական սխրանքին:
Հերոսները երէկ վերադարձան երկիր, եւ անոնց վերադարձին հետ հաւանաբար մարդը վերսկսաւ իր երկրային գործին: Որքան ալ յանկուցիչ ու հիասքանչ ըլլան երկնային թռիչքները, ու սերտ ըլլայ մեր աղերսը երկնային մարմիններուն հետ, «այս տանջակոծ հիւլէին» կապուած մարդուն պարտաւորութիւնները դեռ կը մնան անկատար, որով եւ` հրապուրիչ, պարտաւորիչ:
Լուսնին մէջ չենք հիմա, լուսնէն վերադարձողներուն հետ ենք, երկրի վրայ եւ ուշագրաւ առաջին երեւոյթը, որ կը նկատենք առօրեային մէջ, մեր ուսուցիչներուն համագումարն է, որուն աշխատանքները այսօր սկսան Այնճարի մէջ եւ պիտի շարունակուին մինչեւ կիրակի: Ասպարէզին կապուած շարք մը օրակարգեր, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ, եւ այդ ամէնքը` կոչում մը իրագործելու ազնիւ նախանձախնդրութեամբ, ուսուցիչին վստահուած ազգային առաքելութիւնը լաւագոյնս պսակելու կիրքով:
Հաւաքաբար շնչելու, հարցեր դնելու եւ լուծումներ որոնելու կենսական արժանիքը, որ հինէն ի վեր մեր Աքիլլէսի կրունկը կը համարուի, կարծես տարբեր, առողջացած, առո՛ղջ պատկեր մը կը ներկայացնէ այսօր: Ատոր շօշափելի արդիւնքը շատ զգալի չէ տակաւին, բայց իրողութիւն է, որ բոլորովին տարանջատ չեն մեր ուժերը, եւ լճացեալ կեանք մը չէ մեր ներկայ կեանքը: Ուսանողական, գրական ու արուեստի մարզերէն ներս մխիթարական են երիտասարդներէ կազմուած բջիջները, ու եռուզեռը մեծ է ամէնուրեք: Եւ էականը ա՛յդ է արդէն, վասնզի այդ եռուն մթնոլորտին մէջ է, որ կը բիւրեղանան անհրաժեշտ գաղափարները, ու կը հասուննան զանոնք կենսագործելու կոչումով ծնած խառնուածքները:
Հաւաքաբար շնչելու եւ նոր շունչ բերելու հիմնական առաջադրանքի մը ծնունդն է ուսուցիչներու համագումարը, որ չի կրնար իր բարերար ազդեցութիւնը չունենալ ասպարէզին վրայ:
Ժամանակը ի նպաստ մեզի չի թաւալիր, եւ հոսանքն ի վեր թիավարելու կորովին մեծագոյն օժանդակը հայ ուսուցիչն է այսօր, չենք ըսեր` հայոց լեզուի ուսուցիչը, կ՛ըսենք` հա՛յ ուսուցիչը, որովհետեւ օտար լեզուներ ու գիտութիւն աւանդող հայ ուսուցիչը, մեր մտածումին մէջ, պաշտօն կատարող ամսականաւոր անձ մը չէ, նո՛յնը կը սպասուի եւ անկէ, կը սպասուի մասնաւոր, խանդակաթ ճիգ մը` հայ տղուն ջիղերուն ու ոգեկան կազմութեան նպաստող:
Հայոց լեզուի ուսուցիչներուն համագումարը չէ այս համագումարը, հա՛յ ուսուցիչներու համագումար մըն է, եւ կը կարծենք, որ ձեռնարկը առաւել եւս արդիւնաւոր կ՛ըլլայ, եթէ պատասխանատուները քննեն այս օրակարգը եւս եւ ծանրացնեն պատասխանատուութիւնները…
Պ. Ս.
«Մինչեւ Որ…» Չկայ
Առաջին լուսնագնացները երէկ վերադարձան Երկիր:
Իրենց հետ` շատեր, միլիոնաւորներ, որոնք երկուշաբթիէն ի վեր պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի միջոցաւ «ապրեցան» բոլոր ժամանակներու մեծագոյն արկածախնդրութիւնը:
Կասկած չկայ, որ յառաջիկային նոր ճամբորդութիւններ պիտի ըլլան դէպի լուսին, բայց այժմէն կարելի է ըսել, որ ապագայ լուսնագնացները այնքան խանդավառութիւն պիտի չստեղծեն զանգուածներուն մօտ, որքան` ռահվիրաները, մինչեւ որ Մարդը որոշէ նուաճել այլ մոլորակ մը` աւելի հեռու, աւելի արկածալի ու վտանգաւոր ճամբորդութեամբ մը:
Այսպէս է մարդը: Երազը իրականացած է, ու կախարդանքը` վերջ գտած: Եթէ այսպէս չըլլար, այսօր ո՛չ լուսին հասած կ՛ըլլար, ո՛չ ալ անկէ շատ առաջ` ուրիշ բաներու, որոնք այսօր ընթացիկ երեւոյթներու մաս կը կազմեն:
Յառաջիկայ ճամբորդութիւնները թերթերու արտասովոր վերտառութիւններուն պիտի չարժանանան: Մարդիկ ակնդէտ պիտի չսպասեն պատկերասփիւռի գործիքներուն առջեւ: Լուսին երթալը օդանաւային պարզ ճամբորդութեան մը պէս պիտի ըլլայ մարդուն մտածողութեան մէջ: Երեւակայութիւնը նոր հանգրուաններ պիտի որոնէ, ու գիտութիւնը եւ թեքնիքը պիտի տան այդ հանգրուանները:
Արդէն իսկ կը խօսուի Հրատի մասին: Վաղը, տասնամեակ մը ետք` այլ մոլորակներու: Մինչեւ որ…
«Մինչեւ որ…» չկայ: Անսահման է մարդուն հետաքրքրութեան առջեւ բացուող դաշտը: Թէեւ, լուսնի նուաճման առիթով, կը խօսուի այլ նուաճումներու մասին, որոնք աւելի անմիջական են, իրենց անհրաժեշտութեան կնիքով:
Երկուշաբթի առաւօտ, երբ Արմսթրոնկ առաջին քայլը նետեց լուսնի վրայ, հոս միլիոնաւոր մարդիկ դուրս եկան իրենց երկրային պարունակէն: Մարդկութիւնը դրուեցաւ նոր կարելիութիւններու առջեւ, որոնք երեւակայութենէն ալ անդին կ՛երթան` անծանօթին դուռերը բանալով «մտածող եղէգ»-ին առջեւ: Ու կրնայ պատահիլ, որ գայ օրը, երբ նոր նուաճումներու առջեւ փոխուին նաեւ այն ըմբռնումները, որոնք դարեր շարունակ տնօրինած են մեր կեանքը:
«Ինչպէս որ չենք տեսներ տիեզերքի վախճանը, այնպէս ալ չենք տեսներ վախճանը այն ճիգերուն, որ մարդը ի գործ կը դնէ հասկնալու համար այդ տիեզերքը», կ՛ըսէ ՆԱՍԱ-ի տնօրէնը` Ճէյմս Ուէպ:
Անվախճան տիեզերք, անվախճան մտորում:
Ահա՛ մարդուն սխրալի արկածախնդրութիւնը` ժամանակներու սկիզբէն ի վեր, մինչեւ անհունը ժամանակներուն:
Տ. Ո.