Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրես Ինիեսթա դարձաւ սպանական «Լա-լիկա»-ի դեսպան:
Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ` «Լա-լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպասի մասնակցութեամբ:
Ինիեսթա ստացաւ թիւ 8 մարզաշապիկը, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենար Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Ինիեսթա այժմ մաս կը կազմէ ճափոնական Վիսել Քոպէ խումբին: