«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍԱՌԵՑՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՀԵՏ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
By adminx - Sat Dec 24, 7:52 am
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ժամեր ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ օրինագիծի որդեգրման:
Էրտողան օրինագիծի որդեգրումը «անարդար, մտքի ազատութեան դէմ ուղղուած» որոշում նկատած է: «Այդ որոշումը աւելի շատ Ֆրանսայի նկատմամբ անարդար է, քան` Թուրքիոյ: Ֆրանսայի մէջ այլեւս մտքի ազատութիւն չկայ», ըսած է ան:
Էրտողան նշած է, որ Թուրքիա կը հպարտանայ իր պատմութեամբ` աւելցնելով, որ պատմութիւնը խորհրդարաններուն մէջ չեն գրեր: «Մենք չէինք կրնար չարձագանգել այդ որոշումին: Առաջին հանգրուանին Փարիզէն տուն կանչած ենք մեր դեսպանը, ինչպէս նաեւ կը հրաժարինք առեւտրական-տնտեսական յանձնախումբի նիստէն, կը սառեցնենք երկկողմ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական յարաբերութիւնները, կը հրաժարինք Եւրոպական Միութեան շրջագիծին մէջ նախագիծերուն մասնակցելէ», ըսած է ան:
Էրտողան նաեւ ըսած է, որ ասկէ ետք ֆրանսական օդանաւային ընկերութիւններուն պատկանող օդանաւերուն, Թուրքիոյ օդային տարածքը հատելու համար, յատուկ թոյլտուութիւն անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, իսկ ֆրանսական ռազմանաւերը Թուրքիոյ նաւահանգիստներ մտնելու թոյլտուութիւն պիտի չունենան:
«Մենք կարելի ամէն բան պիտի ընենք, որպէսզի ամբողջ աշխարհը ճանչնայ Ափրիկէի մէջ Ֆրանսայի կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւնը», աւելցուցած է ան:





