Մայրենի Լեզուն`
Մանկապարտէզէն
Տարիները կ՛անցնին:
Կ՛անցնին արագ ու յանկարծ, օր մը կ՛անդրադառնաս, թէ այն տղան, որ դուն էիր տակաւին երէկ, հիմա արդէն շա՜տ հեռու է քեզմէ:
Որքա՜ն բաժանում կայ քու եւ անոր միջեւ:
Բաժանում` ուրախ եւ տխուր օրերու, հոգերու, մտահոգութիւններու, պարտութիւններու եւ յաղթանակներու, կորսուած ժամանակի եւ շահուած առիթներու, նոր պատասխանատուութիւններու, հանդիպումներու եւ մեկնումներու, յոյզերու, իրականացած յոյսերու եւ երազ մնացած երազներու: Մէկ խօսքով` բաժանում կեանքի:
Ու կեանքի այս հեւքոտ վազքին մէջ քիչ անգամ առիթ կ՛ունենաս կանգ առնելու, ինքնամփոփուելու, վերյիշելու անցեալը եւ հանդիպելու այն տղուն, որ կակուղ թաթիկը տուած ամուր ձեռքի մը` վտիտ քայլերով կը մտնէր կեանքի բարդ ուղիներէն ներս:
Ահաւասիկ այս գեղեցիկ եւ հազուագիւտ առիթներէն մէկը կը ներկայանայ ինծի ամէն անգամ, երբ ներկայ կ՛ըլլամ հայ մանկապարտէզի հանդէսին:
Կը սիրեմ գրաւել տօնական զարդարանքով պատրաստուած բեմին առջեւ կամ շուրջը շարուած աթոռներու վերջին կարգէն տեղ մը` հաւասարապէս դիտելու համար թէ՛ վերը ճլվլացող փոքրիկները եւ թէ՛ անոնց հպարտութեամբ ճառագայթող ծնողները: Պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս զիրար կը փնտռեն անոնք:
– Կը տեսնե՞ս, աջէն երկրորդը մեր Արան է: Ձախէն երրորդը` Մարալը:
Ու ժպիտ ամէն կողմ:
Կը ժպտին մանաւանդ մեծ ծնողները: Անոնք, որոնք ժպիտ չունեցան իրենց մանկութեան եւ անօթի, կիսամերկ, աւազներէն շնչասպառ հասան որբանոցին դուռը: Թերեւս իրենք ալ այս պահուն յիշեն, թէ ինչպէ՛ս սորվեցան այբուբենը: Զրկուեցան նման հանդէսի մը մէջ իրենց մատղաշ էութիւնը գրկող, տաքցնող ծնողական ջերմ ու գուրգուրոտ նայուածքէ… Լաւ է, որ մոռնան այդ անիծեալ անցեալը, եւ իրենց ուշադրութիւնը մնայ այսպէս` լարուած բեմին: Հո՛ն, ամբողջ աշխարհ մը կը ծաղկի՜: Շարժուն, աղմկոտ, գունաւոր աշխարհ մը: Փոքրիկները կու գան, կ՛երթան, կ՛երգեն, կ՛արտասանեն, կը պարեն, երբեմն ճիշդ, երբեմն սխալ, բայց` մի՛շտ աղուոր, մի՛շտ հաճելի: Յանկարծ անոնցմէ ոմանք կը կենան, կը նային չորսդին ու բազմութեան մէջ կը փնտռեն իրենց ծնողքը ու զանոնք գտնելէ ետք միայն կը շարունակեն, այս անգամ` աւելի մեծ եռանդով:
Կը կարդացուի տեղեկագիր մը, որ նոյն հետաքրքրութեամբ կը դիմաւորուի, որքան` պարահանդէսի մը տաք վայրկեաններուն քաշուած վիճակահանութիւնը:
Յետոյ` վկայականներու բաշխում: Առաջին վկայականը, մե՜ծ յաջողութիւններու մաղթանքներով:
Կը մեկնին բոլորը գոհ: Փոքրիկները, ծնողները, ուսուցչուհիները, դպրոցին պատասխանատուները:
Կը զգաս, որ փոխանցուած է շունչը: Հայկի շունչը, Մեսրոպի լեզուն:
Կատարուած առաքելութիւն:
Այսպէս, քանի՜ քանի՛ հայ վարժարաններու բակերուն մէջ հայ երեխաներ կը ստանան երկրորդ մկրտութիւն մը: Հայ ծնողներ իրենց ազգին կը բերեն նոր աւիւն, նոր արիւն, նոր ուժ: Նոր յոյս:
Բայց:
Հոս ալ կայ մեծ բայց մը:
Բացակաները:
Մինչ այլ գաղութներու մէջ, ի գին մեծ զոհողութիւններու, կը բացուին հայ վարժարաններ, մանկապարտէզներ, հայեցի դաստիարակութիւն տալու համար մատղաշ սերունդին, հոս կան ծնողներ, որոնք իրենց փոքրիկները օտար մանկապարտէզ կը ղրկեն` անտեսելով մեր կրթական օճախները:
– Է՜, հայերէնը երբ ալ ըլլայ կը սորվին: Տունը արդէն հայերէն կը խօսինք: Օտար լեզուն դժուար է, պէտք է պզտիկուց սորվին, որ լաւ հնչեն, մաքուր ու սահուն խօսին:
Դատապարտելի խօսքեր:
Այսպէս խօսող դատապարտելի ծնողներ:
Հայերէնը երբ ալ ըլլայ չեն սորվիր: Հայերէնը մասնակի դասերով չի սորվուիր: Ոչ թէ անոր համար, որ շատ դժուար է, այլ անոր համար, որ հայերէնը մայրենի լեզու է:
Այսինքն` առասպել, հեքիաթ, դիցաբանութիւն, պատմութիւն, հաւատք, եկեղեցի, երգ, գրականութիւն, մշակոյթ, մտածելակերպ, զգացում, ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն: Շունչ է, Ոգի է մայրենի լեզուն:
Ու այս բոլորը կը փոխանցուի հայ վարժարանի մը յարկին տակ, հայ մանկապարտէզի մը նստարաններուն վրայ:
Իրենց զաւակները օտար մանկապարտէզ ղրկող ծնողներէն ոմանք իրապէս կը հաւատան, որ հետագային կարելի է դարմանել հայերէնի պակասը եւ իրենց զաւակներուն հայերէն սորվեցնելով զանոնք հայութենէ չհեռացնել, անոնք կ՛ուզեն, որ ուսումնական տարի չկորսուի: Ուրիշներ կը կարծեն, որ տակաւին մեր մանկապարտէզները այն են, ինչ որ էին ասկից տասնամեակներ առաջ:
– Շա՜տ բարեփոխուած են մեր վարժարանները: Պատասխանատուները կը գիտակցին, որ մանկապարտէզները մանուկներուն համար խաղալու, ժամանցի վայր չէ: Ընդհակառակն, հոն է, որ կը նետուին առաջին քայլերը, որոնք ճակատագրական կրնան ըլլալ ապագայ աշակերտին եւ ուսանողին համար: Ճիգ չի խնայուիր, որպէսզի անոնք ըլլան հրապուրիչ, գրաւիչ, հետաքրքրական եւ մանաւանդ` գոհացնեն արդի մանկավարժութեան պահանջները:
Մեր դպրոցներուն կրթական մակարդակը տեւական վերելքի մէջ է: Յայտագիրը պատրաստուած է` նկատի ունենալով թէ՛ հայագիտական ուսումը եւ թէ՛ պաշտօնական քննութիւնները: Եւ մեր շրջանաւարտները, շնորհիւ իրենց աշխատանքին, կը շարունակեն իրենց ուսումը` առանց տարի կորսնցնելու: Նմանօրինակներ բազմաթիւ են մեր շուրջը:
Մեր ժողովուրդը պէտք ունի իր բոլոր զաւակներուն: Պէտք ունի անոնց` ամբողջական հայկականութեամբ: Մեզի չեն բաւեր միայն հայերէն խօսող կամ նոյնիսկ հայերէն գրել-կարդալ գիտցող հայեր: Մենք կ՛ուզենք, որ ամէն հայ ապրի իր հայութիւնը, մտահոգուի հայու ցաւերով, խանդավառուի հայու յաջողութիւններով, հաղորդակից ըլլայ հայ կեանքին, կարդայ հայ թերթ, հայ գիրք, իր բաժինը բերէ ազգային կեանքին, վերցնէ պատասխանատուութիւններ, իր ստացած ուսումը ի սպաս դնէ իր ժողովուրդին, Հայ դատին:
Դժուար թէ այս բոլորը կարենայ կատարել այն երիտասարդ հայը, որ մանկապարտէզէն օտար վարժարան յաճախած է ու պզտիկուց չէ սորված հայոց պատմութիւն, չէ տօնած ազգային տօները, նոյնիսկ եթէ իր ծնողները չեն ուզած զայն հեռացնել հայկական մթնոլորտէն:
Ինչո՞վ են յանցաւոր այն անուշիկ փոքրիկները, որոնք լուռ մէկ կողմ կը քաշուին, երբ իրենց խաղակիցները կ՛երգեն ու կ՛արտասանեն հայերէն: Ու վաղը, երբ մեծնան ու առիթով մը վերյիշեն իրենց մանկական աշխարհը, հոն հայկականութեան ի՞նչ հետք պիտի գտնեն անոնք, որպէսզի նոյն մտահոգութիւններով ազգին աւանդութիւնները իրենց կարգին փոխանցեն իրենց զաւակներուն, որոնք ապահովաբար հայապահպանման աւելի դժուարին պայմաններու մէջ պիտի մեծնան:
Ծնողները պատասխանատու են իրենց խիղճին, հայու խիղճին առջեւ, պատասխանատու են իրենց հայրերու եւ մայրերու անցեալին առջեւ, ժողովուրդին առջեւ: Պէտք չէ առնեն որեւէ քայլ, որ իրենց զաւակը կրնայ հեռացնել հայութենէ: Ընդհակառակն, պէտք է ստեղծեն այնպիսի պայմաններ ու մթնոլորտ, ուր հայ տղաք մեծնան նախ եւ առաջ իբրեւ հայ:
Չենք խօսիր սնոպիզմէ վարակուած ծնողներու մասին: Աւելորդ է: Պարզապէս կը ցաւինք անոնց եւ մանաւանդ անոնց զաւակներուն համար:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ