120 երկիրներէ բաղկացած Ոչ յանձնառու երկիրներու շարժումը Վենեզուելայի մայրաքաղաք Քարաքասի մէջ իր գումարած ժողովի աւարտին որդեգրած «Քարաքասի քաղաքական հռչակագիր» կոչուած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց ջնջելու «միակողմանի» տնտեսական պատժամիջոցները, «որոնք կրնան առաջնորդել ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային օրէնքի եւ մարդու իրաւունքներու մաշեցման ու ոտնահարման»:
Հաղորդագրութիւնը պահանջեց «ամբողջականօրէն եւ անմիջապէս ջնջել» միակողմանի պատժամիջոցները, սակայն առանց ուղղակիօրէն նշելով Վենեզուելայի, Իրանի կամ Քուպայի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները. բայց նշեալ երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողովի ընթացքին իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ բուռն կերպով քննադատեցին իրենց երկիրներուն դէմ որդեգրուած քայլերը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու «միակողմանի արկածախնդրութեան հակումը» եւ անոր գործադրած «տնտեսական ահաբեկչութիւնը»` պատժամիջոցները նկատելով «քաղաքական նպատակներու իրագործման համար քաղաքայիններու դէմ ուղղուած յարձակողականութեան գործիքներ»` աւելցնելով. «Ասիկա ահաբեկչութիւն է, պարզապէս կատարեալ ահաբեկչութիւն է»: