ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԸ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻ ՈՐԴԵԳՐՄԱՆ
By adminx - Sat Dec 24, 7:41 am
Արաբական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Ֆրանսական խորհրդարանին վաւերացուցած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին եւ թրքական բուռն հակազդեցութիւններուն:
Այս շրջագիծին մէջ, «Անուար» օրաթերթը կը գրէ. «Ֆրանսական խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, որուն Թուրքիա հակազդած է սառեցնելով Ֆրանսայի հետ իր յարաբերութիւնները եւ տուն կանչած Փարիզի մէջ թուրք դեսպանը»:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը անդրադարձած է նոյն լուրին` նշելով, որ Թուրքիա կը ջանայ Ֆրանսայի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրել` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրման պատճառով: Նոյն օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ թրքական դասաւորումները ներառած են Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը տուն կանչելու եւ Փարիզի հետ յարաբերութիւնները սառեցնելու քայլերը: Միւս կողմէ, սակայն, օրաթերթը նկատել կու տայ, որ Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ չչափազանցելու:
«Ժումհուրիա» օրաթերթը կը գրէ հետեւեալը. «Ֆրանսայի խորհրդարանը վաւերացուց «ցեղասպանութեան» ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը, իսկ Թուրքիա կը հակազդէ սառեցնելով Ֆրանսայի հետ իր զինուորական յարաբերութիւնները»:
«Շարք» օրաթերթը նկատել կու տայ, որ Ֆրանսայի կողմէ որդեգրուած վերոնշեալ օրինագիծը պատճառ դարձած է, որ Թուրքիա ջնջէ Փարիզի հետ իր ունեցած քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական բոլոր հանդիպումներն ու յարաբերութիւնները:
Ըստ «Սատա Պալատ» օրաթերթին, Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը դուռ կը բանայ, որ Թուրքիա Ֆրանսայի դէմ շարք մը պատժամիջոցներ որդեգրէ:
«Սատա Պալատ» կ՛անդրադառնայ նաեւ հայութեան ողջոյնին, յատկապէս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի արտայայտած գոհունակութեան եւ գնահատանքին:
Միւս կողմէ, «Սատա Պալատ» կ՛անդրադառնայ նաեւ թրքական մեկնաբանութիւններուն, որոնց հիման վրայ այդ օրինագիծին վաւերացումը կատարուած է ընտրական շահերէ մեկնելով:
Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Նահար», «Տիար», «Սաֆիր», «Պինա», «Ախպար», «Լիուա» եւ «Մուսթաքպալ» օրաթերթերը, որոնք կը հաստատեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ տագնապ ստեղծուած է:





