Մարդուն Սխրանքը
Այսօր, երկրային առաւօտեան առաջին ժամերուն, նոր էջ մը բացուեցաւ մարդկութեան հազարամեակներու պատմութեան մէջ:
Գիտական յաջողութենէ աւելի բան մը տեղի ունեցաւ հոն, հեռու հեռաւորութիւններու վրայ, ուր մինչեւ հիմա մարդուն երեւակայութիւնը կը հասնէր միայն, իսկ այսօր հասաւ իր միտքը, ու մարդը` իր մտքին ետեւէն:
Ո՞ւր պիտի յանգի այս արշաւը, որ հանգրուաններ ունի, բայց դարերու մշուշին մէջ կորսուած անորոշ մեկնակէտ եւ գալիքին, անծանօթին մէջ կորսուած անորոշ վախճան:
Հարիւրամեակներ ետք, գուցէ աւելի առաջ, այնքան արագ է թափը յառաջդիմութեան, գալիք սերունդները ապահովաբար պիտի հասկնան մեր խանդավառութիւնը, բայց` միայն այդքան: Մեր հիացումը քիչ մը միամիտ պիտի թուի նոր նուաճումներու վրայ մարդոց, ինչպէս այսօր սովորական, ընթացիկ երեւոյթներու շարքին անցած են բազմաթիւ նուաճումներ, որոնք ոգեւորած էին անցեալ ժամանակները:
Չենք գիտեր, թէ ինչե՜ր կան մոլորակներու վրայ, որոնց լոյսը, հակառակ իր արագութեան, տակաւին չէ հասած մեզի: Բայց գիտենք, թէ Մարդը, որուն միտքը սահման չունի, այնքան ալ անհամեստ պէտք չէ նկատուի, երբ ինքզինք կեդրոն կը կարծէ տիեզերքին: Փաստ, որ անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր պայքար կը մղէ լուծելու համար գաղտնիքը իր գոյութեան եւ առեղծուածը աշխարհներու:
Մարդուն մեծութիւնը իր որոնող միտքն է, ու առայժմ կարելի չէ ըմբռնել աւելի զօրաւոր գոյութիւն, քան` միտքը, որ անծանօթին կախարդանքով կը սնանի` զայն դարձնելով իր բոլոր սխրանքներուն անդիմադրելի ուժը:
Այսօր Մարդը լուսնին վրայ:
Վաղը` ո՞ւր:
Ապագան կը պատկանի մեծ տեսանողներուն, անոնց, որոնք թեւ կու տան երեւակայութեան` կեանքի շօշափելի իրականութիւններէն դուրս փնտռելով այլ իրականութիւններ:
Կոպեռնիկ խարոյկի վրայ հանուեցաւ, երբ ուզեց ապացուցել, թէ Երկիրը աշխարհի կեդրոնը չէ:
Փասքալ սարսուռ կը պատճառէր իր ժամանակակիցներուն, երբ կը խօսէր անհունի մասին:
Այսօր, դարեր ետք, երբ քանի մը խիզախներ, մեր անունով, շօշափելի իրականութեան կը վերածեն Կոպեռնիկներու եւ Փասքալներու տեսիլքը, նոր ժամանակներու մարդը պատրաստուած է գալիք ամէնէն ցնորական արկածախնդրութիւնները ընդունելու:
Ու այս է մեծագոյն նուաճումը, որ անկարելի երազներու ճամբան կը բանայ Մարդուն առջեւ:
Տ. Ո.
Աշխարհի Հիացումը
«Ափոլլօ 11»-ի կատարեալ յաջողութիւնը ցնցեց ամբողջ աշխարհը` հիացումի արտայայտութիւններ խլելով: Նախագահներ, վեհապետներ, քաղաքական դէմքեր, գիտնականներ, արուեստագէտներ եւ համեստ քաղաքացիներ մէկ բառ գտան իրենց սքանչացումը արտայայտելու համար. Կեցցէ՛:
Լիբանանի նախագահը` Շարլ Հելու հետեւեալ հեռագիրը ղրկեց նախագահ Նիքսընին.
«Ն. Վ. պր. Ռիչըրտ Նիքսըն, նախագահ Միացեալ Նահանգներու, Ուաշինկթըն:
«Ամերիկացի աստղանաւորդները այս սքանչելի սխրագործութիւնը յաջողցուցին ի շահ եւ ի յառաջդիմութիւն համայն մարդկութեան: Այս յաջողութիւնը կարելի դարձաւ` շնորհիւ թեքնիքի ծայրայեղ ճշգրտութեան եւ անսահման քաջութեան: Այս յաղթանակը ամէն բանէ առաջ մարդուն յաղթանակն է ինքն իր վրայ, ապա, միաժամանակ, երկրաբնակի իր կեանքին եւ միջոցին ու ժամանակին վերաբերեալ նախնական նախապաշարումներուն: Այս յաղթանակը արժանի է միաձայն շնորհաւորութիւններու, որոնց բաժնեկից կը դարձնեմ լիբանանցի ժողովուրդը: Իր անունով, ձերդ վսեմութեան եւ ամերիկացի ժողովուրդին կ՛ուղղեմ հիացումի այս խօսքը»:
Շարլ Հելու
Լիբանանէն արտայայտութիւններ ունեցան նաեւ նախագահ Համատէ («Թող այս սխրագործութիւնը ծառայէ խաղաղութեան եւ արդարութեան») եւ վարչապետ Քարամէ («Զօրութեան համապատասխան պատասխանատուութիւններ»):
Հիացախառն շնորհաւորութեան հեռագիրներ ղրկած են` Ֆրանսայի նախագահ Փոմփիտու, Անգլիոյ Էլիզապէթ թագուհին, Հնդկաստանի նախագահին տեղապահը, Պոտուէն թագաւորը, Լեհաստանի նախագահը, Յունաստանի վարչապետը, Գերմանիոյ վարչապետը, Ճափոնի վարչապետը, Թունուզի նախագահը, Փարիզի խորհրդային դեսպանը:
Իտալացի դերասանուհի Ճինա Լոլոպրիճիտա յայտարարած է, որ սքանչացած է եւ թեկնածու` լուսին ճամբորդութեան:
● Ամերիկացի երեք աստղանաւորդները պիտի ստանան Անգլիական միջմոլորակային ընկերութեան ոսկի մետալը: Շքանշանը ունի 7-8 սանթիմեթր տրամագիծ: Մէկ կողմին վրայ կայ անջրպետային հրթիռ մը, միւս կողմին վրայ` մարդկային դէմք մը: Եուրի Կակարին եւ Վալենթինա Թերեչքովա այս շքանշանները ստացած էին 1961-ին եւ 1964-ին: