Ուժգին Երկրաշարժ Մը Ցնցեց Աթէնքը
5,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ցնցեց Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքը` քաղաքի կարգ մը շրջաններուն մէջ խափանելով հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը:
Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Աթէնքէն 22 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք:
Աթէնքի բնակիչները փողոց ապաստանեցան եւ լքեցին բարձր շէնքերը, մինչ երկրաշարժը շուրջ 15 երկվայրկեան ցնցեց մայրաքաղաքը: Տասնեակներով քաղաքացիներ բանտարկուած մնացին վերելակներու մէջ:
Երկրաշարժէն ետք արձանագրուեցան շարք մը յետցնցումներ:
Share This Article
CATEGORIES Միջազգային