ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱՆ ՈՒՐԱԽԱՑՈՒՑ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ
By adminx - Sat Dec 24, 7:21 am
Երէկ արդէն իսկ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ, որովհետեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան Կաղանդ պապան կը շրջագայէր եւ նուէրներ կը բաժնէր անցորդ մանուկներուն ու պատանիներուն: Կաղանդ պապան եւ անոր օգնականը զարդարուած ինքնաշարժով արդէն իսկ ուրախութիւն կը սփռէին, ամանորեան տրամադրութիւն կը ստեղծէին եւ իրենց նուէրներով կ՛երջանկացնէին փոքրիկ անցորդները:
Այս նախաձեռնութիւնը մաս կը կազմէր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այն ձեռնարկներուն, որոնց ընդմէջէն ան կը միտի տօնական օրերու ընթացքին ուրախութիւն սերմանել մանուկներուն սրտերուն մէջ:
Կաղանդ պապան այսօր եւս ներկայ պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ եւ նուէրներ բաժնէ անցորդ փոքրիկներուն:





