ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Ալի Պեզզի Ուաշինկթընի մէջ շարունակեցին իրենց հանդիպումները:
Քոնկրեսին մէջ երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի հանդիպումներ ունեցան ծագումով լիբանանցի քոնկրեսականներ Չարլի Քրայսթի եւ Կերեթ Կրիֆիսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի համար հիմնական թղթածրարներ նկատուող սուրիացի տեղահանուածներուն, պաղեստինեան դատին, լիբանանցիներու դէմ ելեւմտական պատժամիջոցներու հաստատումին եւ ինքն իր բնական հարստութիւններուն վրայ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան չգոյութեան հարցերը:
Միւս կողմէ, երեսփոխաններ Բագրատունի եւ Պեզզի Ժողովրդավարութեան ազգային հիմնարկի կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցան կեդրոնի նախագահ Տէյվիտ Միչըլի եւ օտար խորհրդարանական պատուիրակութիւններու հետ:
Այս առիթով երեսփոխան Պեզզի արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարներուն, որովհետեւ անոնց շնորհիւ է, որ կը պահպանուի ժողովուրդներուն ազատ կամքը:
Պեզզի քննադատեց կարգ մը երկիրներու կողմէ կառավարական ծրագիրները, որոնք այլ երկիրները եւ անոնց քաղաքացիները ահաբեկչութեան ենթակայ կը դարձնեն, ինչպէս նաեւ քաղաքական հարցերը երկու չափ երկու կշիռով լուծելու մօտեցումը:
«Ով որ Միջին Արեւելքի նոր քարտէսներ կը գծէ` Իսրայէլի շահերը կը գերադասէ, առանց ուշադրութիւն իսկ դարձնելու շրջանին վերաբերող միջազգային որոշումներուն», ըսաւ Պեզզի` աւելցնելով, որ նման քաղաքականութիւններ ժողովրդավարութեան էութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւններ են, ինչպէս նաեւ կը բռնաբարեն ժողովրդավարութեան արժէքն ու սկզբունքները»: