Հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին եւ զօրակցութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան ու Ֆաքրա ակումբին, Նապտա միութիւնը կիրակի, 4 օգոստոսին կը կազմակերպէ իր 10-րդ վազքի մրցումը Ֆաքրա շրջանին մէջ: Անիկա կը սկսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Յայտարարուեցաւ, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է շաբաթ, 3 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 22:00-ը:
Անոր ամբողջ եկամուտը պիտի յատկացուի բարեգործական նպատակներու, ինչպէս նաեւ քաղցկեղէ տառապող մանուկներու:
Արձանագրութեան համար կարելի է հեռաձայնել` 76-370589 թիւին կամ կապուիլ այս հասցէին` [email protected] :