Իրաքի մէջ ապահովական ուժերը ձերբակալած են երեք անձեր, որոնք կը կարծուին մեղսակից ըլլալ Էրպիլի մէջ թուրք դիւանագէտներու սպանութեան: Այս մասին հաղորդեց «Հապեր Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը:
Ձերբակալեալներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն չի հաղորդուիր:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան աշխատակիցներուն դէմ զինեալ յարձակումը տեղի ունեցած է Էրպիլի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:
«Սքայ Նիուզ Արապիա» պատկերասփիւռի կայանի տուեալներով, յարձակումը կատարուած է երկու անձերու կողմէ: Յարձակումին իբրեւ հետեւանք սպաննուած է Էրպիլի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսին տեղակալը: