Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` 17 յուլիսին, այցելած է Երեւանի քաղաքապետարան: Քաղաքապետ Հայկ Մարութեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է Երեւանի զարգացման ուղղուած ընթացիկ ու յառաջիկայ ծրագիրները: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են մայրաքաղաքի զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ:
Հանդիպումի աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեան զրուցած է նաեւ Երեւանի ընդհանուր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանի հետ: