Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի:
Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան շեշտեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական եւ շինիչ:
Ան նշեց, թէ հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած է, որ Իրան կը զօրակցի լիբանանցիներուն, լիբանանեան բանակին, Դիմադրութեան եւ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ կը փափաքի երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդել:
«Իրանի հանրապետութիւնը կը շեշտէ, որ Լիբանան պէտք է հեռու մնայ շրջանին դիմագրաւած բոլոր տագնապներէն: Մենք համոզուած ենք, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ ամբողջ շրջանին կայունութիւնը», ըսաւ Ապտելլահեան` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ սիոնական գոյացութեան առած քայլերը շրջանին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան չեն ծառայեր:
«Վճռակամութեամբ կը հաստատենք, որ Իրան եւ անոր դաշնակիցները պիտի չարտօնեն, որ սիոնական գոյացութիւնն ու Միացեալ Նահանգները շրջանին ապահովական կայունութիւնը խախտեն», եզրափակեց Ապտելլահեան: