Անցնող քանի մը օրերուն, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի ռումանացի մարզիչ Լեվիօ Չիոփոթարիօ, շարունակական փորձեր կատարելէ ետք ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն հետ, յայտարարեց, որ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կատարուած Ա. հանգրուանի փորձերը աւարտած են: Փորձերը տեղի ունեցան Պէյրութի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ:
Այս շաբաթավերջին Պաղտատի մէջ (Իրաք) տեղի կ՛ունենայ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը, մինչ մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան Քարպալայի եւ Էրպիլի մէջ (Իրաք), պիտի սկսին 2 օգոստոսին:
Ռումանացի մարզիչին օգնականը` Ժամալ Թահա ըսաւ, որ մարզիկներու ընտրութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին, եւ անոնց կրնան միանալ նորեր ալ, երբ սկսի տեղի ունենալ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքը:
Ան յայտնեց, որ մօտիկ ապագային պիտի հրապարակուի հաւաքականի վերջնական կազմը: