Փորթուգալի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի տղոց պասքեթպոլի 20 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ (Բ. դասակարգ), Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ կատարեց իր չորրորդ մրցումը, կրեց իր չորրորդ յաջորդական ծանր պարտութիւնը, այս անգամ Էսթոնիայէն` 99-41 արդիւնքով:
Հայաստան յաջորդաբար պարտուած էր Շուէտէն (149-26), Վրաստանէն (98-46) եւ Քոսովոյէն (97-40):
Վերջին մրցումին գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Քոթանճեանի կազմը կը մրցի Հոլանտայի դէմ: