Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Պիտի աճեցնենք մեր ազդուութիւնն ու գործողութիւնները արեւելեան Միջերկրականի մէջ: Թուրքիոյ դէմ առած Եւրոպական Միութեան քայլերը Կիպրոս կղզիի յունական կողմը գոհացնելու համար է»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ իրենք այդ որոշումները լուրջի չեն առներ եւ «Թուրքիոյ դէմ որեւէ որոշում պեղման գործողութիւններու յաւելման պիտի առաջնորդէ»:
«Մենք Միջերկրական ծովու արեւելքը պեղման երեք նաւեր ունինք եւ չորրորդը պիտի ուղարկենք», աւելցուց ան` ընդգծելով. «Թուրքիան պիտի պաշտպանէ Կիպրոսի մէջ թուրքերուն իրաւունքները»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին անդրադարձած է Եւրոպական խորհուրդի` Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու որոշումին եւ յայտարարած, թէ այդ պատժամիջոցները ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել Թուրքիոյ վճռականութեան վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
«Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին տուած որոշումները ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրականի արեւելեան ջուրերուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն վրայ:
«Այս որոշումները ցոյց կու տան, որ խօսք անգամ չկայ Կիպրոս կղզիի բնական պաշարներուն նկատմամբ հաւասար իրաւունքներ ունեցող կիպրացի թուրքերու մասին, այնպիսի տպաւորութիւն է, թէ կիպրացի թուրքերը գոյութիւն չունին, եւ կ՛երեւի Եւրոպական Միութեան` Կիպրոսի հարցին մէջ կողմնակալութիւնն ու նախապաշարումը», նշուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: