Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի «Թելեկրամ»-ի վրայ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, եւ ան ըսած է, թէ կ՛ուզէ ՕԹԱՆ-էն դուրս գալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երկու անգամ հանդիպած եմ: Ինծի անձամբ ըսած է, թէ Թուրքիան կ՛ուզէ դուրս գալ ՕԹԱՆ-էն: Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալ չեն ուզեր, սակայն անոնց չեն ընդունիր: Իրարու ետեւէ պահանջներ յառաջ կը քաշեն, սակայն չեն ընդունիր: Իսկ ՕԹԱՆ-ի մէջ առաջին ընդունուողներէն էին, որովհետեւ շրջանին մէջ Ռուսիոյ դէմ գործողութիւններ կատարելու համար յարմար էին», ըսած է Ժիրինովսքի: