Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին որոշումով հաստատուած են ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման միջնախարարական յանձնախումբի ստեղծումը, յանձնախումբի անհատական կազմը եւ գործունէութեան կարգը:
Որոշումին համաձայն, Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման նպատակով Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի ղեկավարութեան ներքեւ կը ստեղծուի Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մշակման աշխատանքները համակարգող միջնախարարական յանձնախումբ, որուն անդամներն են կառավարութեան անդամները (բացառութեամբ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ փոխվարչապետներուն), Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը, ոստիկանութեան պետը, զինուած ուժերու հրամանատարը, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահը, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբերու նախագահները, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետը, Կեդրոնական դրամատան նախագահը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահը, Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակի ներկայացուցիչը (յանձնախումբի քարտուղար):
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին յանձնարարուած է Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան նախագիծը մէկ տարուան ընթացքին ներկայացնել Անվտանգութեան խորհուրդի հաւանութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին ներկայացնելու համար: