Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Համազգային» Տարեգիրքը` Սփիւռքի Եւ Արցախի Միջեւ Մշակութային Կամուրջ
Յուլիս 11-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին ու Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան նախաձեռնութեամբ, «Տիգրանակերտ» պատմամշակութային արգելոցին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի մշակութային-գրական տարեգիրքի շնորհահանդէսը:
Ներկայ էին` Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահվերդեանը, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռիտա Մնացականեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի տնօրէն Սպարտակ Ղարաբաղցեանը, Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, հրապարակախօս Միքայէլ Հաջեանը, զբօսաշրջիկներ, հիւրեր:
Արցախի մշակութային-կրթական անցեալն ու այսօրը ներկայացնող բազմաոճ տարեգիրքը Արցախի մասին նոր խօսք է` յագեցած արցախեան արուեստին եւ գրական կեանքին մասին պատմող յօդուածներով:
Բացման խօսքը արտասանած է Հերմինէ Աւագեանը, որ տեղեկացուցած է, թէ այդ գիրքին առաջին շնորհահանդէսը կայացած է պատմական հայաշունչ Լիբանանի Այնճար գիւղին, ապա Պէյրութի մէջ: Ըստ անոր, «Համազգային» խորագիրը կը խորհրդանշէ Արցախը` իբրեւ համազգային բնօրրան, նաեւ` համազգային կրթամշակութային միութիւն:
Տարեգիրքի առաջին մասին մէջ տեղ գտած է Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Մարտիրոսեանին յօդուածը` պատմական Տիգրանակերտի մասին պատմող: «Տարեգիրքը հայրենաբաղձութեան կանչ է եւ նպատակ ունի մշակութային կամուրջ հանդիսանալ Արցախի եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներու միջեւ, մշակոյթի լեզուով երկխօսութիւն ստեղծելու ընթերցողին եւ Արցախի միջեւ», աւելցուցած է Հերմինէ Աւագեանը:
Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, իր կարգին, կարեւոր նկատած է Համազգայինի դերը Արցախի կրթական-մշակութային կեանքին մէջ, իսկ տարեգիրքը լաւագոյն գրաւականը նկատած է հայրենիք-սփիւռք կրթամշակութային կապերու ամրապնդման: «Մեր մշակութային քաղաքականութեան իրականացման գործընթացին մէջ Համազգայինը օժանդակող դեր կը կատարէ, եւ ես համոզուած եմ, որ մեր համագործակցութիւնը երկարատեւ կ՛ըլլայ` նոր ու համարձակ քայլեր իրականցնելու միտումներով», աւելցուցած է ան:
«Համազգային» տարեգիրքը Արցախի մշակութային կեանքի լուսաբանման առաջին լուրջ անդրադարձն ու մեր մատենագիտութեան մնայուն արժէքներէն մէկն է, ըսել է թէ` մեր մշակութային առաջին ակօսը արցախեան հողին վրայ», դիտել տուած է Սպարտակ Ղարաբաղցեանը: Միքայէլ Հաջեանը, որ տարեգիրքին մէջ թարգմանական աշխատանք կատարած է, բարձր գնահատած է Արցախի գրասենեակին աշխատանքը` Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման առումով եւ` աւելցուցած, որ գրասենեակը այսօր եւս կ՛ընթանայ հաստատուն քայլերով:
Հայրենաշունչ երգերով հանդէս եկած է երիտասարդ երգիչ Արթուր Խաչենցը: Ներկայ եղած է նաեւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանը, որ քանի մը երգ մեկնաբանած է:
Ստեփանակերտի Մէջ Բնակելի Նոր Թաղամաս Կը Կառուցուի
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 11 յուլիսին այցելեց Ստեփանակերտի Թումանեան փողոցին վրայ գտնուող նախկին «Շինանիւթերի կոմբինատ»-ի տարածքին կառուցուող բնակելի նոր թաղամասը` ընկերակցութեամբ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանի, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանի, շինարարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու: Անոնք ծանօթացան շինարարական աշխատանքներուն ընթացքին եւ քննարկեցին շարք մը հարցեր:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը ըսաւ, որ բնակելի նոր թաղամասի կառուցումը իրականութիւն կը դառնայ սեփական մարզի ներդրողներու միջոցներով, իսկ շինարարական աշխատանքները սկսան ընթացիկ տարուան յուլիսին: Նախատեսուած է, որ հոն բարձրանան 13 շէնքեր` 200 բնակարաններով Խօսելով իրականացող աշխատանքներուն մասին` ան ըսաւ. «Ներկայիս սկսած են առաջին, երկրորդ, երրորդ, տասնմէկերորդ, տասներկուերորդ, տասներեքերորդ եւ տասնչորսերորդ մասնաշէնքերու հիմքերու փորման աշխատանքները: Այնուհետեւ կը սկսին հիմքերու շաղախային, կարկասային մասի, կմախքի կառուցման աշխատանքները: Այս ամսուան ընթացքին շինարարներուն կը տրամադրուին ամբողջ թաղամասի նախագծա-նախահաշուային փաստաթուղթերը: Թաղամասը կը նախատեսուի շահագործման յանձնել 2020-2021 թուականին»:
Կարէն Շահրամանեանը տեղեկացուց, որ թաղամասի վարի հատուածին մէջ նախատեսուած է ունենալ մանկապարտէզ, որ պիտի սպասարկէ նաեւ «Արցախ» եւ «Զինաւան» թաղամասերու երեխաներուն: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին հովանաւորութեամբ, Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակութային կեդրոնի վարի հատուածին մէջ նախատեսուած է կառուցել շուրջ 600 հոգինոց դպրոցի նոր շէնք մը, որուն կից պիտի կանգնի ֆրանսախօսութեան կեդրոնը:
«Շէնքերու գետնայարկերը պիտի ըլլան ոչ բնակելի տարածքներ: Թաղամասի վարի մասին մէջ կը կառուցուին խաղահրապարակներ, ինքնաշարժներու կայանատեղիներ, կանաչապատ գօտիներ: Թաղամասը երթեւեկելի մասով կապուած պիտի ըլլայ Սպանդարեան փողոցին: Բնակարաններուն մէկ մասը պիտի տրամադրուի ընկերային անապահով, բազմազաւակ ընտանիքներուն, իսկ մեծ մասը մատչելի գիներով պիտի տրուի հիփոթեքային վարկաւորմամբ: Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը պիտի իրականացնէ վերահսկողութիւն, որպէսզի կառուցման ընթացքին որեւէ բացթողումներ ու թերութիւններ չըլլան», աւելցուց Կ. Շահրամանեանը:
Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին Մէջ` Ռոպերթ Աբաջեանի Անուան Լսարան
Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրադարանի, ինչպէս նաեւ ապրիլեան պատերազմին մասնակցած, Արցախի հերոս Ռոպերթ Աբաջեանին անունը կրող լսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ռոպերթ Աբաջեանի մեծ հօր` Գէորգ Աբաջեանի համաձայն, ընտանիքը սիրով ընդունեց առաջարկը` լսարանը անուանել Ռոպերթ Աբաջեանի անունով, պայմանաւ, որ իրենց որդին` իբրեւ հաւաքական կերպար, իր մէջ ամփոփէ հայրենիքի համար կեանքը զոհած բոլոր հերոսները:
Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի նախագահ Արմէն Մուրադեանը ողջունելով հիւրերը` յայտնեց, որ յատկանշական օր է այս, որովհետեւ քաղաքային հիւանդանոցի շէնքը իր 100-ամեակը կը նշէ նորակառոյց գրադարանով, Արցախի հերոս Ռոպերթ Աբաջեանի անուան լսարանով, նոր հիւանդասենեակներով` իր յաղթանակած ուղին շարունակելով «Զինուորի տուն» պատուաւոր կոչումով: «Այստեղ բացուած առաջին լսարանը անուանակոչած ենք Ռոբերտ Աբաջեան հերոսի անունով, որ իր կեանքը զոհեց, սակայն ազգի արժանապատուութիւնը չյանձնեց», ըսաւ ան` նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար շնորհակալութիւն յայտնելով Քալիֆորնիոյ նահանգի հայ բժիշկներու միութեան ղեկավարներուն, որոնց դրամահաւաքին շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ այս ազգանուէր գործը:
Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեանը նշեց, որ սփիւռքի գործօնը շատ կարեւոր է հայրենիքի պաշտպանութեան առումով: «Այսօր հպարտութիւն կը զգամ` կանգնելով այստեղ բուժուող զինծառայողներու կողքին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ԵՊԲՀ-ի եւ նախագահ Արմէն Մուրադեանի նախաձեռնութեամբ իրականացող ծրագիրները կը ծառայեն պետութեան:
Ներկայ էին Հայաստանի 5-րդ միջազգային բժշկական համագումարին մասնակցող պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ, անուանի բժիշկներ եւ հիւրեր:
Արցախի Մէջ Կայացած Է Անհետ Կորած Ազատամարտիկներու Հարազատներու Միութեան 7-րդ Համագումարը
Յուլիս 13-ին Ստեփանակերտի մէջ կայացած է Արցախի Հանրապետութեան «Անհետ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան 7-րդ համագումարը:
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդումով, ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկած է «Անհետ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վերա Գրիգորեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք տարիներու ընթացքին եղած են իրենց կողքին եւ ցուցաբերած են թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական օգնութիւն:
«Կազմակերպութիւնը իր գոյութեան 25 տարիներու ընթացքին յաղթահարելով բազում դժուարութիւններ` ձեռք բերած է որոշակի յաջողութիւններ: Միութեան մէջ կը հաշուեն 773 անհետ կորածներ, որոնցմէ 250-ը ազատամարտիկներ են: Կազմակերպութեան անդամներուն թիւը աւելի քան 3200 է: Մեր միութիւնը սերտօրէն համագործակցած է ու կը համագործակցի տարբեր միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, կառավարութեան տարբեր օղակներու, ինչպէս նաեւ բարերարներու հետ, որոնց օժանդակութեամբ ալ միջոցներ հայթհայթած է անհետ կորած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն աջակցելու համար: Մենք կապուած ենք հայոց բանակին հետ եւ պարբերաբար կ՛այցելենք նաեւ զօրամասեր` հանդէս գալով տարբեր ձեռնարկներով: Կ՛այցելենք նաեւ անհետ կորած ազատամարտիկներու անապահով ընտանիքներուն եւ հնարաւորին չափ նիւթական օգնութիւն կը ցուցաբերենք: Սակայն վերջին շրջանին մեր միութիւնը յայտնուած է խիստ սուղ ֆինանսական վիճակի մէջ, ինչ որ անկատար ձգած է մեր որոշ նախատեսումները: Մենք մինչեւ այժմ ուժ ու եռանդ չենք խնայեր լուծելու մեր առջեւ դրուած խնդիրները: Մեր կազմակերպութեան անուան ու կանոնադրութեան համապատասխան կը սատարենք իրարու` յուսալով, որ թերեւս հրաշալի օր մը տղաները կը վերադառնան տուն, եւ մենք զանոնք կը դիմաւորենք հանգիստ խղճով ու պարզ ճակատով», մասնաւորապէս ըսած է ան:
Համագումարի ընթացքին ընտրուած են վարչութեան անդամներու եւ վերստուգիչ յանձնաժողովի նոր կազմերը: Քուէարկութեան արդիւնքով Վերա Գրիգորեանը կրկին դարձած է «Անհետ կորած ազատամարտիկներու հարազատներու միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ:
Երկրաշարժին Պատճառով Անօթեւան Մնացած 60 Ընտանիքներ Բնակարան Պիտի Ստանան
Հայաստան կը նախատեսէ 2021-ը դիմաւորել առանց «Աղէտի գօտիի շահառու» հասկացողութեան: Հայաստանի Քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանը ամփոփելով պաշտօնավարութեան 100 օրերը` նշեց, որ կառավարութեան որոշումին համաձայն, 2008-2020 պէտք էր 5396 ընտանիքներ տեղաւորել բնակարաններու մէջ:
«2008-2017 թուականներուն ապահովուած է 4839 ընտանիք, եւ անոնց համար պետական պիւտճէէն ծախսուած է մօտաւորապէս 65 միլիառ դրամ: 2018 թուականին պետական պիւտճէէն յատկացուած է 460 միլիոն դրամ, եւ 44 ընտանիք ապահովուած է բնակարանով: 2019 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած է 560 միլիոն դրամ եւ 60 ընտանիք», յայտնեց Վերմիշեանը:
Ըստ անոր, վարչապետին յանձնարարականով, որպէսզի մինչեւ 2020 մնացած 453 ընտանիքները ապահովուին բնակարանով, այդ տարի պէտք է յատկացուի 3 միլիառ դրամ:
Վերմիշեանը դիտել տուած է, որ տնակներու մէջ ապրող բոլոր անձերը կամ ընտանիքները շահառու չեն նկատուիր, որովհետեւ անոնց մէջ կան նաեւ անշարժ գոյք ունեցողներ: Ըստ Վերմիշեանի, տնակները քաղաքաշինական խնդիր կը յառաջացնեն եւ կը գրաւեն հանրային տարածքներ:
2019-ի Առաջին Կիսամեակին Աւելի Քան 12.000 Զբօսաշրջիկներ Արցախ Այցելած Են
2019-ի առաջին կիսամեակին Արցախ այցելած են 12 հազար 606 օտար զբօսաշրջիկներ: Ըստ «Արցախփրէս»-ի այս տեղեկութիւնը տուած է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը:
Ըստ անոր, Արցախ կատարած օտար զբօսաշրջիկներու այցելութիւնները, 2018-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատած, այս տարուան առաջին կիսամեակին աւելցած են 68,5 տոկոսով:
«Արցախի մէջ գործող երեք տեղեկատուական կեդրոններու անվճար ծառայութիւններէն օգտուած են 580 զբօսաշրջիկներ: Վերջիններս ստացած են համապարփակ տեղեկութիւններ` Արցախի տեսարժան վայրերու, հիւրանոցներու, փոխադրամիջոցներու եւ այլ ծառայութիւններու մասին անվճար գրականութեան կամ բանաւոր տեսքով: Յունիս 1-էն գործող «Թուրիսթ Պաս» զբօսաշրջային հանրակառքերու նախագիծի ծիրին մէջ Տողի մելիքական ապարանք, Տիգրանակերտ, Գանձասար եւ Հունոտի կիրճ այցելած են 906 ներքին եւ ներգնայ զբօսաշրջիկներ: 2019-ի առաջին կիսամեակին «Տիգրանակերտ» պետական պատմամշակութային արգելոցի ծառայութիւններէն օգտուած է 4425 այցելու», մանրամասնեց Ա. Գրիգորեանը:
Ան նշեց, որ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ նոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած են 17 նոր պանդոկներ եւ հիւրատուներ: Անոնց ընդհանուր թիւը 78 է, 1828 մահճակալներով: