Հարաւային Օսեթիան կը պատրաստուի դեսպանատուն բանալու Սուրիոյ մէջ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Հարաւային Օսեթիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Մետոյեւ:
«Ինչ կը վերաբերի այլ երկիրներու մէջ մեր ներկայացուցչութեան, նշեմ, որ Հարաւային Օսեթիան դեսպանատուն ունի Ռուսիոյ, Նիքարակուայի, Վենեզուելայի եւ Աբխազիոյ մէջ: Կը պատրաստուինք դիւանագիտական առաքելութիւն բանալու Դամասկոսի մէջ: Անհրաժեշտ կը նկատենք նաեւ խօսիլ Թուրքիոյ, Պրազիլի, Իտալիոյ մէջ մեր ներկայացուցչութիւններուն մասին», յայտնած է ան: