Երէկ Լիբանանի նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ այցելեցին Սէուտական Արաբիա` հանդիպում ունենալու համար Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:
Հանդիպման ընթացքին Սալման թագաւորը նախկին վարչապետներուն հետ քննարկեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները, ան վերահաստատեց Լիբանանի ապահովութեան եւ կայունութեան նկատմամբ սէուտական յանձնառութիւնը եւ շեշտը դրաւ արաբական միջավայրին մէջ Լիբանանի պահպանման անհրաժեշտութեան վրայ: Սալման թագաւորը նաեւ ընդգծեց, որ «ինչ որ վնաս կը հասցնէ Լիբանանի սիւննիներուն, վնաս կը հասցնէ Սէուտական Արաբիոյ»:
Լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախկին վարչապետներու պատուիրակութիւնը Սալման թագաւորէն խնդրած է զօրավիգ կանգնիլ Լիբանանի վարչապետութեան եւ մանաւանդ վարչապետ Սաատ Հարիրիի դիրքին: Պատասխանը եղած է այն, որ Սէուտական Արաբիան Լիբանանի ծառայող ամէն բանի հետ է:
Սինիորա Եւ Սալամ` Նախքան Սալման Թագաւորին Հետ Հանդիպումը
Հասնելէ ետք Սէուտական Արաբիա, նախքան Սալման թագաւորին հետ հանդիպումը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը կարեւոր է` տրուած ըլլալով, որ Սէուտական Արաբիա միշտ ալ բացառիկ կապեր ունեցած է Լիբանանի հետ: Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանան եւ շրջանը դժուար փուլի մէջ կը գտնուին, այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է վերադառնալ հիմնական սկզբունքներուն, որոնք լիբանանցիները կը միացնեն, եւ կարեւոր է վերադառնալ Թաէֆի համաձայնագիրին եւ կառչիլ սահմանադրութեան:
Սինիորա ընդգծեց, որ պէտք է յարգել արաբական օրինականութիւնը եւ արաբական համաձայնութիւնը, եւ այս ձեւով Լիբանան պիտի դիմագրաւէ մարտահրաւէրները: «Մենք չենք ուզեր, որ Լիբանան մեծ պետութիւններու կռուախնձոր դառնայ, եւ ան պէտք է ինքզինք զանց կացուցելու աշխատելաձեւը որդեգրէ` խօսքով եւ գործով»:
Ան յստակացուց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց միջոցով կը շեշտէ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, եւ Սէուտական Արաբիա միշտ ալ թեր կ՛արտայայտուէր Լիբանանի ազատութեան եւ գերիշխանութեան:
Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ իր կարգին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա այցելութիւնը բնական է, եւ յարաբերութիւնները բնականոն են եւ կը շարունակուին, եւ այս այցելութեան նպատակն է ամրապնդել յարաբերութիւնները, յատկապէս որ շրջանի կացութիւնը կ՛ազդէ Լիբանանի վրայ: Ան աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ խորհրդակցիլը այս կացութեան մէջ բնական երեւոյթ մըն է:
Սալամ Ճետտայի օդակայանին մէջ կատարած յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ որոշ ժամանակէ ի վեր մեծ շարժում նկատելի է Սէուտական Արաբիայէն դէպի Լիբանան, եւ սէուտցի քաղաքացիներու այցելութեան արգելքը վերացուած է: Շուրայի խորհուրդը այցելած է Լիբանան, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիան հիւրընկալած է լիբանանեան բանակի հրամանատարը եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած զինուորական հաստատութեան հանդէպ: Ան աւելցուց, որ կան 13 համաձայնութիւններ երկու երկիրներուն միջեւ, եւ կառավարութիւնը կը զբաղի այս նիւթով: