Ղազախստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Բարսեղեան` Կոլի Հեղինակ
Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քայսար Քիզիլորտա, որ հիւրը եղաւ Քայրաթ Ալմաթիի, 5-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ անոր դաշտէն:
Հիւր կազմին ուշացած միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան (89-րդ):
Քայրաթ այժմ 35 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, մինչ Քայսար` 5-րդ դիրքը (31 կէտով):
Առաջին դիրքին վրայ է Թոպոլ Քոսթանայ (39 կէտ):
Share This Article
CATEGORIES Մարզական