Թեհրան. «Միջին Արեւելքի Մէջ Գտնուող Օտար Ուժերը Պէտք Է Հեռանան Շրջանէն»
Ժիպրալթարի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ ձերբակալած է իրանեան «Կրէյս 1» քարիւղատար նաւուն նաւավարն ու անոր օգնականը` Սուրիոյ դէմ հաստատուած եւրոպական պատժամիջոցները խախտելնուն համար:
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ իրանեան նաւուն շուրջ հետաքննութիւնը կը շարունակուի, եւ նաւը կը շարունակէ արգելանքի տակ ըլլալ, ինչպէս նաեւ անկէ գրաւուած են փաստաթուղթեր եւ ելեկտրոնային սարքեր:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտնած է.«Բրիտանիա պէտք է անմիջապէս վերցնէ իրանեան քարիւղատար նաւուն արգելանքը եւ զգուշանայ հետեւանքներէ»:
«Ասիկա վտանգաւոր խաղ է եւ հետեւանքներ ունի, իսկ արգելանքի հաստատման իրաւական պատրուակները ճիշդ չեն», նշեց ան:
«Քարիւղատար նաւուն դէմ հաստատուած արգելանքի ջնջումը բոլոր երկիրներու շահերէն կը բխի», ըսաւ Մուսաւի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ ընդգծեց.«Միջին Արեւելք գտնուող օտար ուժերը պէտք է շրջանէն հեռանան, որովհետեւ Իրանն ու շրջանային այլ երկիրները կարող են շրջանի անվտանգութիւնը երաշխաւորել»:
Մուսաւի նշեց, որ իրանեան նաւուն դէմ արգելանքի հաստատումէն ի վեր Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը երկու անգամ կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
«Առաջին օրէն, երբ նաւուն դէմ արգելանք հաստատուեցաւ, Իրան իրաւական եւ դիւանագիտական քայլերու ձեռնարկեց: Մենք երկու անգամ կանչած ենք Բրիտանիոյ դեսպանը, ան եկած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն` բացատրութիւններ տալու», ըսաւ ան:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոխհրամանատար գնդապետ Ալի Ֆատաւի զգուշացուց, որ Բրիտանիան ու Միացեալ Նահանգները պիտի զղջան Ժիպրալթարի մօտ իրանեան քարիւղատար նաւուն դէմ իրենց հաստատած արգելանքին համար` աւելցնելով, որ այդ արարքը հզօրութեան ցուցանիշ չէ, այլ` անմտութեան:
Ամերիկեան ծովուժի 5-րդ տորմիղը յայտնեց, որ Բրիտանիոյ ծովուժին եւ շրջանային ու միջազգային գործընկերներու հետ սերտօրէն կը գործէ նաւարկումի ազատութիւնը պաշտպանելու համար:
Ամերիկեան 5-րդ տորմիղը նաեւ հաղորդեց, որ տեղեակ պահուած է իրանեան ծովուժին կատարած «ապօրինի ոտնձգութենէն» եւ բրիտանական առեւտրական նաւուն ճամբան փակելու փորձերէն:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ յայտնեց, որ իր երկիրը «Տանքըն» մարտանաւը ուղարկած է Արաբական ծոց: «Մեր գործընկերներուն հետ աշխատանք պիտի տանինք Ծոցի ջուրերուն մէջ միջազգային նաւարկման ապահովման երաշխաւորման համար», նշեց ան:
«Չենք ջանար Իրանի եւ Բրիտանիոյ հարցով կացութիւնը մագլցումի մղել, կ՛ուզենք խուսափիլ Իրանի հետ մագլցումէն, որ կրնայ վտանգաւոր ըլլալ», նշեց Հանթ: