Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս յայտնած է ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պահեստամասերու` Թուրքիա հասնելուն մասին:
«Թուրքիոյ օդային եւ հրթիռային պաշտպանութեան կարիքներուն համար «Էս-400» հեռահար օդային եւ հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռք բերման համաձայնագիրը կնքուած էր 11 ապրիլ 2017-ին: Համաձայնագիրի ծիրին մէջ «Էս-400» հեռահար օդային եւ հրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու առաջին խումբի պահեստամասերը 12 յուլիս 2019-ին սկսած են տեղափոխուիլ Մուրթետի օդուժի ռազմակայանի տարածք (Անգարա)», կը նշուի Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Մէկ օր առաջ թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած էին տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիա հասած է «Էս-400»-ներու առաջին խումբը, եւ զանոնք տեղափոխող օդանաւերը էջք կատարած են Անգարայի եւ Մալաթիոյ մէջ:
«Սեկոտնիա» հաղորդեց, որ ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը, մեկնաբանելով Անգարայի կողմէ ռուսական առաջին համակարգերը ստանալու մասին տեղեկութիւնները, յայտնած է, որ ՕԹԱՆ խորապէս մտահոգ է այդ տեղեկութիւններով:
«Դաշինքը խորապէս մտահոգ է այս իրավիճակով: Ընդհանուր քարտուղարը նախապէս բազմիցս յայտարարած է, թէ ՕԹԱՆ-ի անդամ իւրաքանչիւր երկիր իրաւունք ունի անկախ որոշում տալու օգտագործուելիք զինատեսակներու մասին, սակայն ռուսական համակարգերը անհամատեղելի պիտի ըլլան ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերուն հետ, եւ ասիկա խնդիր է», յայտնած են մամլոյ ծառայութենէն:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը, անդրադառնալով «Էս-400»-ներու հարցին, երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Էֆ-35» հալածիչներու ծրագիրին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան հարցով բան մը չէ փոխած: Թուրքիան չի կրնար միասնաբար ամերիկեան «Էֆ-35» օդանաւեր եւ ռուսական «Էս-400» համակարգեր ունենալ»: