Յունական ոստիկանութենէն աղբիւր մը յայտարարեց, թէ երկու ոստիկաններ թեթեւօրէն վիրաւորուած են, երբ անծանօթներ յարձակում գործած են Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի կեդրոնը գտնուող ոստիկանատան մը դէմ:
Յարձակումը տեղի ունեցած է անիշխանական շրջանակներու անդամ շուրջ 80 անձերու մասնակցութեամբ ցոյցէ մը ետք:
Ցուցարարները ապահովական ուժերուն վրայ քարեր ու փայտի կտորներ նետած են: Ոստիկանութիւնը հակադարձած է օգտագործելով արցունքաբեր կազ:
Ըստ նոյն աղբիւրին, երկու ոստիկաններ թեթեւօրէն վիրաւորուած են եւ փոխադրուած մայրաքաղաքի հիւանդանոցներէն մէկը: Ոչ ոք ձերբակալուած է: