Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Յակոբ Թերզեան երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն հաստատեց, որ պետական ամավարկին համաձայն, պետութեան զօրակցութիւնը վայելող վարկերը 19 միլիառ տոլար են, որոնցմէ 12 միլիառ տոլարը բնակարանային վարկերուն պիտի յատկացուի, իսկ 7 միլիառը` արդիւնաբերութեան մարզերուն:
Յ. Թերզեան ընդգծեց, որ կարեւոր է իմանալ, թէ այդ վարկերէն օգտուողները որո՛նք են, որովհետեւ անիկա պետական գանձարկղէն կ՛ապահովուի` տարեկան 135 միլիառ տոլարի ծախսով:
«Փտածութեան դէմ պայքարը կը սկսի թափանցիկութեամբ, եւ այդ պատճառով ալ կը պահանջենք այդ վարկերէն օգտուող պարագաներուն անուանացանկը, որովհետեւ այսուհետեւ մսխումը արտօնելի չէ», ընդգծեց ան: