ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերով պետական նախարար Մահմուտ Քումաթի շեշտեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները ուղղուած են Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն դէմ, որովհետեւ անոնք մերժեցին Տէյվիտ Սաթըրֆիլտի ներկայացուցած այն առաջարկը, որ կը միտէր սահմանագծումի թղթածրարին առումով Իսրայէլի կամքը պարտադրել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ որդեգրուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները օդին մէջ կրակուած փամփուշտներ են եւ անոնք կը յուշեն, թէ Հըզպալլա ճնշումի տակ կը գտնուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Նեժիպ Միքաթի Թրիփոլիի մէջ բացումը կատարեց Ֆարուք մզկիթին: Այս առիթով ան շեշտեց, որ բոլորէն կ՛ակնկալուի Թրիփոլիի ժողովրդային շրջաններուն մէջ բարգաւաճում ապահովել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ պետական ամավարկին մէջ կատարուած բոլոր կրճատումները կարելի է կրկնապատկել, եթէ միայն մէկ նախարարութեան` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պարագային մսխումը կասեցուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մուսթաֆա Հիւսէյն յուլիսեան պատերազմի 13-ամեակին առիթով յայտնեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը կ՛երաշխաւորէ եւ կը պաշտպանէ լիբանանցիները:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ իրենք կը մաղթէին, որ իսկական փոփոխութիւն եւ բարեկարգում մը արձանագրուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի օրով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ Քապըր Շմունի միջադէպին առնչութեամբ համախմբումը կառչած կը մնայ Արդարութեան խորհուրդի ընտրանքին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ Լիբանան համաձայնութիւններու վրայ հիմնուած է` աւելցնելով, որ նախագահական համաձայնութիւնը ժողովուրդին հաշուոյն գոյացած էր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ 2019-ի պետական ամավարկը կը նմանի 2018-ի պետական ամավարկին, հակառակ անոր որ պայմանները փոխուած են, եւ այսօր տարբեր կացութեան մէջ կը գտնուինք:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Ընդհանուր ապահովութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը: