Մեքսիքայի նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր յայտարարած է, թէ յառաջիկային կը պատրաստուի վաճառելու Քարիպեան ծովուն մէջ մեքսիքական Քոսումել կղզիին վրայ գտնուող նախագահական հանգստավայրը` Քինթանա Ռոօ նահանգի աղքատներուն օգնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Ես լաւ պիտի ուսումնասիրեմ Քոսումել կղզիի Քասա Մայա նախագահական հանգստավայրին առնչուած ամէն ինչ, որովհետեւ ատիկա պիտի վաճառուի եւ գումարը պիտի յատկացուի Քիթանա Ռոօ նահանգի աղքատներուն», յայտնած է Լոփես Օպրատոր:
Նշենք, որ վերջերս Մեքսիքայի մէջ նախապէս թմրանիւթերու վաճառականներու պատկանած տուները վաճառելու նպատակով կազմակերպուած է աճուրդ:
Լատինամերիկեան երկրի ելեւմտական նախարարութեան գոյքի կառավարման եւ օտարման ծառայութիւնը հաղորդած է, որ աճուրդի ընթացքին վաճառուած է թմրեցուցիչի պարոններու 27 տուներէն 9-ը, որուն շնորհիւ պետութիւնը ձեռք բերած է աւելի քան 56,6 միլիոն փեսօ (շուրջ 3 միլիոն տոլար): Այս գումարը պիտի յատկացուի այս անգամ Կերերօ նահանգի աղքատներու օգնութեան: