10 յուլիսին տեղի ունեցած կառավարութեան արտահերթ դռնփակ նիստին ընթացքին հաստատուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020-2022 թուականներու պետական միջնաժամկէտ ծախսերու ծրագիրը:
Կառավարութեան 11 յուլիսի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնեց, թէ որոշուած է, որ 1 յունուար 2020-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ 10 առ հարիւրով պիտի բարձրանան կենսաթոշակները, իսկ ընթացիկ տարուան 1 սեպտեմբերէն` ուսուցիչներու աշխատավարձերը:
Ըստ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Զարուհի Բաթոյեանի, փոփոխութիւնը կը վերաբերի շուրջ 560 հազար քաղաքացիներուն:
«Նաեւ պիտի փորձենք մէկ ծրագիրի շրջանակին մէջ լուծել բնակարանային խնդիրները 1988-ի երկրաշարժին պատճառով բնակարան կորսնցուցած այն քաղաքացիներուն, որոնց նկատմամբ պետութեան ունեցած պարտաւորութիւնները այս պահուն իրաւապէս արձանագրուած են: Այդ նպատակով պիտի յատկացուի 3 միլիառ դրամ: Ինչ կը վերաբերի ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ հարցի մեթոտաբանութեան, անոնք հետագայ քննարկումներու ընթացքին պիտի յստակացուին», նշած է ան` յիշեցնելով, որ 1 յունիսէն արդէն բարձրացած են զինուորականներու աշխատավարձերը: