Թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթի վերլուծաբան Թունճա Պենճին ուշագրաւ յօդուած հրապարակած է` «Ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան պաշտպանութեան համակարգերը ո՞ր երկիրներէն մեզ պիտի պաշտպանեն» վերնագիրով:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ այդ համակարգերը Թուրքիան յատկապէս ո՛ր երկիրներէն պիտի պաշտպանեն, յօդուածին հեղինակը պարզաբանման նպատակով հարցազրոյց կատարած է թուրք հանգստեան կոչուած զօրավար Իսմայիլ Հաքքը Փեքինի հետ, որ նշած է. «Թուրքիոյ դէմ օդային հաւանական յարձակումներ կրնան ըլլալ Յունաստանի կողմէ, իսրայէլեան օդուժին կողմէ, կրնան կիրարկուիլ թեւաւոր հրթիռներ: Բացի ատկէ կայ Իրանը, որ այս պահուն մեզի համար թշնամի չէ, սակայն չենք կրնար գիտնալ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ անոնք ունին թեւաւոր հրթիռներ` 2000-2500 քիլոմեթր հասողութեամբ:
«Յարձակումներ կրնան ըլլալ նաեւ Հայաստանի կողմէ: Թուրքիան չունի այդպիսի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր անոնց դիմակայելու համար: Այս բոլորին դէմ Թուրքիան չունի հակաօդային պաշտպանութեան ծածկոյթ»:
Միւս կողմէ, թրքական «Արկիկերեճեք» կայքը հաղորդեց, որ «Էս-400»-ներու առաջին խումբը հասած է Թուրքիա:
Ըստ կայքին, Ռուսիոյ Թվեր քաղաքէն թռիչք առած օդանաւերը, որոնք համակարգերը կը տեղափոխեն, էջք կատարած են Մալաթիոյ եւ Անգարայի մէջ: Համակարգերուն հետ Թուրքիա հասած են նաեւ ռուս մասնագէտներ: