Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կարդաց պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ, որ շեշտեց, թէ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխանները մասնակցած են պետական ամավարկի քննարկման նիստերուն եւ կարելի եղածին չափ փորձած են կրճատումներ կատարել` երկրին նիւթական բացը նուազեցնելու նպատակով: Ան աւելցուց, որ այս առումով անոնք շատ աւելի մեծ ճիգեր ի գործ դրած են, քան կառավարութիւնը:
Անդրադառնալով երեսփոխաններ Մոհամետ Ռաատի եւ Ամին Շըրրիի, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի դէմ որդեգրուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցներուն` Մըքտատ նշեց, որ այդ քինախնդիր քայլը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնարարք մըն է, որ դատապարտելի է ու մերժելի:
«Այդ քայլը մեր համոզումներէն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ ամերիկեան քաղաքականութիւններուն դիմադրելու համոզումներէն ոչինչ պիտի կարենայ փոխել», ըսաւ Մըքտատ` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք զօրակցութիւն յայտնած են:
Մըքտատ ընդգծեց, որ պլոքը պիտի շարունակէ գործել հիմնուելով իր ազգային, բարոյական եւ գերիշխան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ դիմադրութեան ուղեգիծին վրայ:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը եմէնցի ժողովուրդին եւ հաստատեց, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարէն ամերիկեան կողմին հրաժարիլը եւ եւրոպական կեցուածքին որձեւէգ ըլլալը արգելք չեն կրնար հանդիսանալ Իրանի կողմէ խաղաղարար նպատակներով իւրանիոմի հարստացման հոլովոյթը կասեցնելու: