Միացեալ Նահանգներու նախագահի վարչակազմը կը ծրագրէ ստեղծել միջազգային դաշինք մը, որ պիտի վերահսկէ Իրանի եւ Եմէնի շուրջ ջուրերուն: Այս մասին ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի կը հաղորդէ «Տիֆենս Ուան»-ը` յղում կատարելով Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբի նախագահ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտին:
Ըստ օրաթերթին, երեքշաբթի առաւօտեան Տանֆըրտ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարք Էսփըր հանդիպում ունեցած են` քննարկելու համար այս հարցին մանրամասնութիւնները: