Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հակազդեցին օր մը առաջ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ Հըզպալլայի երեք պատասխանատուներու դէմ հաստատուած ելեւմտական պատժամիջոցներուն:
Նախագահական պալատէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ մերթ ընդ մերթ նման պատժամիջոցներու հաստատումը կը հակադրուի ամերիկեան նախկին կեցուածքներուն հետ, որոնց մէջ կ՛ընդգծուէր, թէ Լիբանանը եւ անոր դրամատնային մարզը յանձնառու կը մնան դրամի լուացումի դէմ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու նպատակով գումարներու օգտագործումը արգիլող միջազգային համաձայնագիրներուն:
«Լիբանան ցաւ կը յայտնէ, որ Միացեալ Նահանգներ նման պատժամիջոցներ որդեգրած են, յատկապէս խորհրդարանի անդամ ընտրուած երկու երեսփոխաններու դէմ: Լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի հետապնդեն այս կացութիւնը ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ, որպէսզի կարենան եզրակացութիւններու յանգիլ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ երեսփոխանական պլոքի նախագահի մը եւ երեսփոխանի մը դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները ամբողջ Լիբանանի դէմ գործուած բռնարարքներ կը նկատուին:
«Լիբանանի խորհրդարանին անունով հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը հասած է հոն, ուր ենթադրէ եւ բռնարարքներ պարտադրէ աշխարհի ժողովրդավարութիւններուն վրայ: Կոչ կ՛ուղղեմ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան այս մերժելի քայլին դէմ պէտք եղած կեցուածքները որդեգրելու», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի անդրադարձաւ ամերիկեան պատժամիջոցներուն` նշելով, որ անոնք նոր ուղղուածութեան մը ցուցանիշներն են, սակայն լիբանանեան խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքին վրայ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին:
«Ամերիկեան այս կեցուածքին հետ պիտի վարուինք ըստ մեր յարմարութեան եւ այդ մասին կեցուածք մը պիտի հրապարակենք: Կարեւորագոյն հարցը դրամատնային մարզին ու լիբանանեան տնտեսութեան պահպանումն է», շեշտեց վարչապետ Հարիրի:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան ելեւմտական պատժամիջոցները լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ առնուած քայլեր են եւ բոլոր լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնարարքներ: Ան կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան յետս կոչելու այդ պատժամիջոցները, որոնց հետեւանքները կրնան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն չնպաստել: