Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Լեռնալիբանանի միջադէպի լուծման գծով ի գործ դրուած ջանքերը:
Հանդիպումին ընթացքին միւֆթի Տըրիան բարձր գնահատեց Լեռնալիբանանի միջադէպին լուծման վերաբերեալ Իպրահիմի ճիգերը:
Տըրիան նշեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններն ու ղեկավարները որքան ալ տարակարծիք ըլլան, կը մնան նոյն երկրին զաւակները եւ իմաստուն կեցուածքով կը լուծեն երկրին ներքին լարուածութիւնը:
«Լեռնալիբանանի միջադէպը լուծելու իմաստով Ապպաս Իպրահիմի նշանակումը փաստ մըն է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու վարչապետ Սաատ Հարիրիի գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան, այնպիսի փուլի մը, որուն ընթացքին պէտք է հանդարտ ու համբերատար մնալ», հաստատեց Տըրիան:
Մեկնումի պահուն, Ապպաս Իպրահիմ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ միջադէպի լուծման առումով զարգացումներ կ՛արձանագրուին, եւ իր կատարած շրջապտոյտը անոր ապացոյցն է: