Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշի:
Հանդիպումը ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ ունէր, ընթացքին քննարկուեցան հայկական-լիբանանեան յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս առեւտուրի մարզին վերաբերեալ:
Զրուցակիցները անդրադարձան երկկողմանի առեւտրական շրջանառութեան, տնտեսական ոլորտի իրաւապայմանագրային դաշտին, սակագնային քաղաքականութեան վերանայման հեռանկարներուն եւ համագործակցութեան այլ առանցքային հարցերու: Քննարկուեցան հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնախումբի հետագայ գործունէութեան վերաբերող աշխատանքային մանրամասնութիւններ: