Երէկ` երեքշաբթի, 9 յուլիսին սկսան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 2019-2020 տարեշրջանի մրցումները, երբ կատարուեցան զտումի Ա. հանգրուանի երթի շարք մը ճակատումներ:
Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա եւրոպական մրցաշարքերուն ծիրին մէջ իր նորամուտը նշեց յաղթանակով, երբ արձանագրեց պատմական արդիւնք մը, Շուէտի ախոյեան «Ա. Ի. Ք.»-ի դէմ, 2-1 արդիւնքով:
Հայրենի կազմին երկու կոլերը նշանակեց Պետրոս Աւետիսեան (3-րդ` փենալթիով եւ 45-րդ):
Հիւր կազմը իր կոլը նշանակեց 39-րդ վայրկեանին: Այս կոլէն բաւական առաջ անոր մէկ մարզիկը 13-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 17 յուլիսին, Շուէտի մէջ:
Աւանի ակադեմիային մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուն էր համակիրներով` նկատի ունենալով, որ տոմսերը սպառած էին մրցումին ազդանշանը տրուելէն ժամեր առաջ: