Թեհրան անպատասխան պիտի չձգէ Ժիպրալթարի իշխանութիւններուն կողմէ «Կրէյս 1» քարիւղատար նաւուն արգելանքի տակ առնուիլը: Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամետ Պաքերին:
«Իրանեան քարիւղատար նաւուն արգելանքի տակ առնուիլը պիտի չմնայ առանց պատասխանի, որ պիտի ըլլայ ճիշդ վայրին մէջ եւ ճիշդ ժամանակին», յայտարարած է զօր. Պաքերի:
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր Ժիպրալթարի մէջ բրիտանական իշխանութիւնները արգելանքի տակ առած էին քարիւղատար նաւը, որ հում քարիւղ կը փոխադրէր Սուրիա:
Ըստ Ժիպրալթարի վարչապետ Ֆապիան Փիքարտոյի, տեղեկութիւն եղած է, որ «Կրէյս 1» նաւը խախտած է Սուրիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնած է Բրիտանիոյ եւ պահանջած վերցնել իրանեան նաւուն արգելանքը, որ իրանեան կողմը որակած է «ծովահէնութիւն»:
Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթը գրեց. «Բրիտանացի նաւազները սուրիական բանակը ձգեցին առանց վառելանիւթի»:
Զինուորական փորձագէտ գնդապետ Շամել Կարպիեւ օրաթերթին յայտնած է. «Կը կարծեմ, թէ ժամանակը հասած է, որ Սուրիոյ վառելանիւթի շուկային մէջ Ռուսիան փոխարինէ Իրանը, որովհետեւ անհաւանական է, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները Սուրիա ուղղուող ռուսական քարիւղատար նաւերը արգելանքի տակ առնեն»: