Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան թուիթըրեան իր էջին վրայ շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին: Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատը` Ազգային ժողովը վաւերացուցած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը:
«Հայաստան կ՛ողջունէ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացումը: Շնորհակալութիւն Ֆրանսայի Ազգային ժողովին», գրած է ան: