ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը որոշած է այսօր` չորեքշաբթի, 10 յուլիսի երեկոյեան, Փարիզի մէջ, արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ ցոյց մը կազմակերպել` բողոքելու համար ֆրանսեւազրպէյճանական համագործակցութեան դէմ:
Այս առիթով ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը վերյիշեցուի ֆրանսական արդարադատութեան` Արցախի հետ բարեկամութեան ուխտերու ջնջումի որոշումը եւ կ՛ըսուի.
«Ֆրանսա անգամ մը եւս կ՛ոտնակոխէ այն արժէքները, որոնք կոչուած են իրը ըլլալու: Սոյն ուխտերը, որոնք պէտք է խորհրդանշէին բարեկամութիւնը այդ (ֆրանսական եւ արցախեան) քաղաքներուն միջեւ, ջնջուեցան տնտեսական եւ քաղաքական նկատառումներով, այդպիսով տեղի տալով ազրպէյճանցի մենատիրոջ պահանջներուն: Ո՞ւր մնացին մարդկային իրաւունքները եւ Ֆրանսայի ազատ իրաւարարի հանգամանքը:
Բայց կայ դեռ աւելի՛ն: Արդէն ծանօթ ենք Էմանուէլ Մաքրոնի Ֆրանսայի եւ մենատէր Ալիեւի Ազրպէյճանի տնտեսական կապերուն: Ֆրանսա կ՛արտադրէ զէնքեր ու կը մատակարարէ Ազրպէյճանին, որ զանոնք կը գործածէ սպաննելու համար մեր եղբայրներն ու քոյրերը: Կեղծաւորութիւն է ասիկա: Ներկայիս ալ կը տեղեկանանք, որ ֆրանսական Թալես ձեռնարկութիւնը Ազրպէյճանին պիտի մատակարարէ վերահսկողութեան եւ ձայնատեղաստուգումի (radiolocalisation) տարբեր տեսակի սարքեր:
Այս պատճառներով ձեզի ժամադրութիւն կու տանք չորեքշաբթի, 10 յուլիսին, ժամը 18:30-ին ցոյց կատարելու արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ:
Վե՛րջ` ֆրանսեւազրպէյճանական քաղաքական-ռազմական համագործակցութեան: Վերյիշեցնենք ֆրանսական կառավարութեան` իր պատասխանատուութիւնները: Վերյիշեցնենք անոր, որ մարդկային արժէքները որքա՜ն աւելի կարեւոր են, քան դրամը: Վերյիշեցնենք անոր, որ վաճառած զէնքերը կը գործածուին մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն դէմ, որոնք կը պաշտպանեն մեր հողերը` ի գին իրենց կեանքին:
Պարո՛ն Մաքրոն, դադրեցուցէ՛ք ֆրանսահայ համայնքին հետ խաղալը: Դադրեցուցէ՛ք խաղալը կեանքին հետ Արցախի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք կը պաշտպանեն Արցախը»: