Միացեալ Նահանգերու մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քիմ Տերոք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը «ոչ գործառնական», «ապաշնորհ» եւ «յիմար» կոչած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Բրիտանիոյ դեսպանի հաղորդագրութիւններու արտահոսքին մասին տեղեկութիւններ հրապարակած է բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը, որ հատուածներ հրապարակած է Տերոքի հաղորդագրութիւններէն:
Օրաթերթին համաձայն, դեսպանը անոնցմէ մէկուն մէջ յայտարարած է, որ չի հաւատար, որ Թրամփի վարչակազմը պիտի դառնայ «նուազ ոչ գործառնական», նուազ անկանխատեսելի, խմբակցութիւնները` նուազ պառակտուած, ինչպէս նաեւ կարծիք յայտնած է, որ ամերիկացի ղեկավարին ասպարէզը «կրնայ ամօթալի աւարտ ունենալ»:
Բրիտանիոյ կառավարութեան յղուած ելեկտրոնային հաղորդագրութիւններուն մէջ, որոնք կը սկսին 2017 թուականէն, դեսպանը ըսած է, որ Թրամփէն «անապահովութիւն կը ճառագայթէ», եւ Լոնտոնի մէջ պաշտօնատարներուն խորհուրդ տուած է արդիւնաւէտօրէն պայքարիլ անոր դէմ. «Դուք պէտք է ձեր ըսելիքը յստակ ըսէք, նոյնիսկ կտրուկ»:
Աղբիւրին փոխանցումով, ատիկա յառաջացուցած է Թրամփի զայրոյթը: Ի պատասխան դեսպանի յայտարարութեան` Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է. «Դեսպանը չէ ծառայած ի բարօրութիւն Բրիտանիոյ: Մենք այդ մարդու մեծ երկրպագուն չենք»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Լոնտոն հետաքննութեան պիտի ձեռնարկէ Ուաշինկթընի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանի դիւանագիտական հաղորդագրութիւններու մամուլին մէջ սպրդումներուն շուրջ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճերըմի Հանթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ինքզինք զանց կացուցեց դեսպան Տերոքի յայտարարութիւններէն: