ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Տիպարներ եւ կատարում.- Որպէսզի մատնանշումներ չընեմ, այստեղ կը յայտնեմ, որ սկսնակ դերակատարներու համար հարկ է ձերբազատիլ մանկական ծրագիրներու աւանդ դարձած բռնազբօսիկ շեշտադրումէն:
Ինչպէս նշած էի, բժիշկ-հայրը կը ներկայացնէ չափահաս Ռայընը, այլ խօսքով` հեղինակը: Կոչուած է «Տաք», որովհետեւ հեղինակը կը ցանկայ նմանիլ Նիլ Սայմընին: Տաք հաւասարակշռուած անձ է: Կեանքին կը մօտենայ փիլիսոփայական հեգնանքով: Մեծ սէր եւ գուրգուրանք ունի կնոջ` Տելիայի հանդէպ: Ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի հարսանիքը ըլլայ այնպէս, ինչպէս Տելիա կը փափաքի: Ի՞նչ տեսանք, սակայն, բեմի վրայ: Պսակին լոկ վայրկեաններ մնացած, տաք, գիշերանոցը հագին, փոփքորն կ՛ուտէ եւ փխկալով «քոլա» կը խմէ: Բծախնդիր Տելիա կը տեսնէ ամուսինին այդ անփոյթ վիճակը, բայց ոչ միայն չի բարկանար, այլ նոյնիսկ որեւէ դիտողութիւն չ՛ըներ: Տարօրինակ չէ՞: Բացատրութիւնը պարզ է: Բժիշկը այդպէս կը վարուի ոչ թէ հեղինակին, այլ բեմադրիչին թելադրանքով: Աւելի ուշ տիկնիկով կը խաղայ կամ կը զբաղի որեւէ անիմաստ բանով: Նոյնիսկ կնոջ յուզական մենախօսութեան ընթացքին բժիշկը բեմի յառաջամասին կանգնած` բաներ մը կ՛ուտէ: Այդ անզգամ կեցուածքը ոչ միայն գլխովին անյարիր է կերպարի նկարագրին, այլեւ` բոլորովին անիմաստ: Չէ՞ որ քիչ ետք հարսանեկան շքեղ սեղան պիտի նստին:
Երբ Հարփըր հարսանեկան կարկանդակը ներս բերաւ, բժիշկը յարձակեցաւ եւ փորձեց խլել: Երկար քաշկռտուքէ ետք երկուքն ալ տապալեցան գետին: Բայց ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ նման բան պիտի պատահէր: Հարփըր անձ մըն է, որ սիրայօժար պիտի յանձնէր կարկանդակը: Ի վերջոյ բերած էր յանձնելու համար: Ո՞ւր է տրամաբանութիւնը:
Ամուսնութեան ուխտը նորոգելու համար բժիշկը յարձակեցաւ կնոջ վրայ եւ սկսաւ անոր ձեռքէն խլել կերպընկալէ խոշոր մատանի մը, ի հարկէ` ոչ ամուսնական: Կարճ քաշկռտուքէ մը ետք կրկին տապալեցաւ գետին: Բայց ինչո՞ւ պիտի քաշկռտուէին, ինչո՞ւ կինը կը մերժէր տալ մատանին, որպէսզի վերահաստատուի իրենց սիրոյ ուխտը: Ո՞ւր է տրամաբանութիւնը:
Բժիշկը ի վերջոյ վնասեց ոտքը եւ սկսաւ կաղալ: Չկարողացայ ճշգրիտ համրել, թէ քանի՛ հոգի, քանի՛ անգամ տապալեցաւ գետին: Անհաւատալի է, որ այդ տարիքի երիտասարդներ միջին ականջի խանգարումներ ունին:
Հասկնալի է, որ այս անհասկնալի քաշկռտուքները կը կատարուէին որպէս մնջախաղ: Այսպիսի անիմաստ տեսարաններ չէին կրնար տեղ գտած ըլլալ հեղինակի բնագրին մէջ:
«It՛s a long long time from may to December»` Ֆրանք Սինաթրայի երգերէն մէկը, որուն վերջին երկու տողերն են մօտաւորապէս` «Ինծի մնացած քանի մը թանկագին օրերը կ՛ուզեմ անցընել քեզի հետ»: Հարկ է, որ ոչ թէ արտասանուէր, այլ երգուէր: Բժիշկն ու կինը հասած են իրենց կեանքի աշնան: Այս ի հարկէ կորած էր:
Առիթ ունեցած եմ Շահէն Արապօղլեանը դիտել որպէս «Լէոն», Նիլ Սայմընի «Յիմարները» կատակերգութեան մէջ: Այդտեղ բաւական համոզիչ ձեւով ներկայացուց հումորէ զուրկ, (խորհրդանշականօրէն) կարճատես, արդիապաշտ ուսուցիչ մը: Այստեղ նոյնքան եւ աւելի յաջող ներկայացուց տիպար մը, որ ցաւօք երբեք համոզիչ չէր: Արապօղլեանը ունի համակրելի արտաքին, բեմական ձայն, հումորի զգացում, եռանդ եւ իրմէ պահանջուածը կատարելու կարողութիւն: Կը յուսամ զինք տեսնել աւելի իմաստալից դերերու մէջ:
Անժելա Սարգիսեանը վերցուցած էր Բ. Աշխարհամարտի սերունդ կիրթ մօր մը տիպարը: Դստեր պսակը անոր չիրականացած երազն է(9): Նկարը կը ներկայացնէ «Georgia Ensemble Theater»-ի Տելիան (2015): Ի դէպ, Տելիա կրճատումն է իրլանտական արգասաբերութեան դիցուհիի անունին` Պիտելիա: Տելիա կ՛ըսէ, թէ փոխան վառօդի հոտին` կ՛ուզէին աշխարհը լեցնել մանուկներու բուրմունքով: Բեմին վրայ տեսանք, սակայն, ձեռքի կատակներ ընող, ոստոստող կին մը, որ ալքոլը ուղղակի սրուակով կը խմէ եւ կը տապլտկի յատակին վրայ: Բացի այդ` վատ խոհարար է, այսինքն` ոչ եփող-թափող բծախնդիր տանտիկին: Ինչո՞ւ այլանդակել այդ կնոջ սրտառուչ տիպարը: Ո՞ւր է տրամաբանութիւնը: Բաղդատած իր նախորդ կատարումներուն` Սարգիսեանը նուազ համոզիչ էր:
Ռայըն ի հարկէ ձախորդ ծփացող մըն է, բայց միեւնոյն ատեն` կիներու համար ֆիզիքապէս ցանկայարոյց տղամարդ: Լուացքը պարզապէս պատրուակ մըն է, որ ան կիսամերկ մնայ եւ ցուցադրէ իր առնական յատկանիշները: Հեղինակը Մելանի միջոցով առաջին տեսարանին մէջ կը յայտարարէ այդ: Սէրուժ Յովսեփեանը ստիպուեցաւ հագնիլ թանձր ու երկայն ցամքոց: Եւ քանի որ թոյլ եւ հականեխուած թարգմանութիւնը չէր պահպանած լեզուական գրաւչութիւնը, Յովսեփեանին կը մնար միայն արտակեդրոն շարժուձեւերով ուշադրութիւն գրաւելու ընտրանքը: Այդ շարժուձեւերը առհասարակ անբացատրելի էին: Ինչո՞ւ, օրինակ, բաղնիքէն դուրս պիտի գար խորասուզուած շուկայական ամսագրի մը մէջ: Ռայընի նմաններ թքած ունին նման հրատարակութիւններու վրայ: Ո՞ւր է տրամաբանութիւնը: Յիշենք, որ Սայմընի «Յիմարներ»-ուն մէջ մունջ հտպիտի կերպարը հնարուած էր Յովսէփեանին համար: Այդ կերպարի շարժուձեւերէն մաս մը ներմուծուած էր այս ելոյթին մէջ: Բայց Ռայընի կերպարը հեռու է այդ աշխարհէն:
Մելանին թատրերգութեան շարժակն է, կրակոտ է եւ անկեղծ: Նաեւ` Ռայընի նման ֆիզիքապէս ցանկայարոյց: Ուրեմն անհրաժեշտ էր, որ դերակատարը ունենար աչքառու բեմական ներկայութիւն: Մելանին լաւ յարաբերութիւններ ունի բոլոր կերպարներուն հետ, ինչպէս եւ` տղամարդոց, ի բաց առեալ` Քորթնիի փեսացուէն: Ի՞նչ տեսանք, սակայն, բեմին վրայ: Գոհար Գարակէօզեանը հանդարտ էր, զուսպ: Ունէր հեզահամբոյր ձայնականութիւն: Աւելի նման էր կիրակնօրեայ վարժարանի քարոզիչ ուսուցչուհիի, քան` «դիւրին» բարոյականի տէր հիւանդապահուհիի մը: Ի դէպ, վերջինները, արդարօրէն թէ ոչ, տխրահռչակ են: Պլեք գործածած է այդ կարծրատիպը Մելանին բնութագրելու համար: Կողքի պատկերը կը բաղդատէ երկու ելոյթներու նոյն տեսարանը: «Nikos Stage» թատրոնի (2011) Մելանին լայն բազկաթոռի վրայ է (անխօս հրաւէր) հակած է դէպի Ռայընը եւ ձեռամբ կը ստուգէ անոր առնական մարմինը: Հայեացքը ուղղուած է Ռայընի մկաններուն, ոչ` երազող դէմքին: Նկատել նաեւ, որ Նիքոս թատրոնը աւելի «տաք» լուսաւորում եւ կահաւորում գործածած է: Ելոյթին տեսարանը պաղ է, Մելանին նստած է աթոռի մը վրայ, ուր Ռայընի համար տեղ չկայ (խորհրդանշական): Գրեթէ նոյն անկիւնով հակած է Ռայընէն հեռու: Ձեռնածալ եւ ոտնածալ է (նոյնպէս խորհրդանշական մարմնի լեզու), վերապահ կը նայի Ռայընի դէմքին, այլ ոչ` անոր (բացակայ) մկաններուն: Ռայըն ի՛նքն է, որ հակած է դէպի Մելանին: Մինչդեռ Ռայըն կը մերժէ Մելանիին առաջարկը, որովհետեւ սկզբունքի տէր է, Քորթնիի քրոջ հետ պառկիլը պիտի ըլլար «տոհմապղծութեան պէս բան մը»:
Հարփըր հաւասարակշռուած, բանական, հասուն, չափազանց կիրթ կերպար մըն է: Փորձառական հոգեբան է, պէտք է ենթադրել, որ միւս կերպարներէն աւելի ատակ է գնահատելու կացութիւնները: Ֆիզիքապէս գրաւիչ մրցակիցի յայտնուիլը զինք շփոթի չի մատներ: Խորամանկօրէն մենամարտի դաշտը կ՛որոշէ այն մարզին մէջ, ուր ի՛նք գերակայ է, հոգեբանութեան: (Տե՛ս կողքի նկարը): Ի՞նչ տեսանք, սակայն, բեմին վրայ: Ելոյթին մէջ Ռայընի մրցակիցը ծաղրանկար մըն էր, ձախաւեր, միամիտ մը, որ անհաւասարակշիռ էր նաեւ ֆիզիքապէս: Կը քալէր փայտէ տիկնիկի նման, իւրաքանչիւր երրորդ քայլին գետին կը թաւալէր: Կարելի չէր գուշակել, թէ Քորթնի անոր ո՞ր յատկութեամբ գրաւուած էր: Ելոյթի ընթացքին Հարփըր կորսնցուց իր ամենայատկանշական յատկութիւնը` պաղարիւնութիւնը: Ռազմիկ Տէրունեանը ունի ֆիզիքական տուեալներ եւ հումորի զգացում: Ցոյց տուաւ, որ կարող է կատարել իրմէ պահանջուածը: Կը յուսամ ապագային զինք տեսնել աւելի լաւ մեկնաբանուած դերերու մէջ:
Քորթնի ասպարէզամոլ, բայց ոչ տաղանդաւոր գրող մըն է: Գրող մը, որ խորքին մէջ ասք չունի: Բնագրին մէջ երկու թեկնածուներու մենամարտէն պարտուած դուրս կու գայ … Քորթնին: Ան ատակ չէ սիրոյ եւ ամուսնութեան: Այստեղ կողակիցի ճիշդ ընտրութեան հարց չկայ, ինչպէս կը կարդանք ելոյթի թղթիկին եւ մամուլի ակնարկներուն մէջ: Պլեք արական մոլեռանդութեան (male chauvinism) գնով հարսնացուին համար ստեղծած է ժխտական կերպար: Պլեք ուշացած վրէժ կը լուծէ զինք մերժած ասպարէզամոլ գրող աղջիկէն: Ի՞նչ տեսանք, սակայն, բեմին վրայ: Սառա Ալեքսանեանը աւելի նման էր զոհի, քան` քմահաճ եսակեդրոն անձի մը: Ունի համակրելի արտաքին եւ հաճելի ձայն: Ըստ կարելւոյն, փորձեց խեղճանալ: Թերեւս աւելի յաջող Քորթնի պիտի ըլլար, եթէ խաղար ինքզինք:
Փի. Պի. (Plante Ballentine) ունի տարօրինակ անուն, որ հաւանաբար քաղաքական ակնարկ է: Կը յիշեցնէ ե՛ւ ամերիկեան պահպանողական աւանդները, ե՛ւ ուժանիւթի արդիական հիմնարկ մը: Աղջնակը (իմա` յաջորդ սերունդ) համոզուած պահպանողական մըն է: Սեւ հումոր: Ռիկընի գահակալութիւնը կը համարէ յուսատու նոր դարաշրջան: «Պատմիչ» մըն է: Զաւեշտը խորքին մէջ այժմ չափահաս կնոջ յուշերն են: Ասքին մէջ տեղ գտած են նաեւ իր ապրած յուսախաբութիւնները: Չափահաս դառնալ` չ՛ենթադրեր դառնալ իմաստուն: Կարին Տեմիրճեանը շնորհալի եւ խոստմնալից աղջիկ մըն է: Հասկնալի չէ, թէ ինչո՞ւ զեղչուած էր բացման տեսարանը, ուր Փ. Պ. պալէի շարժումներով կը պատմէ եւ մէկ առ մէկ կը վերցնէ սաւաններ, որոնց տակէն դուրս կու գայ իր երբեմնի տունը եւ ընտանիքը: «Բանալի» տեսարանի շնորհիւ` հանդիսատեսը պիտի հասկնար, որ զաւեշտը խորքին մէջ յուշ մըն է: Այդ կրնար բացատրել նաեւ տեսարաններու «դրուագային» (episodal) բնոյթը: Այս մեզ կը տանի դէպի մեկնաբանութիւն:
Մեկնաբանական.- Բեմադրիչին առաջին ներդրումը, ուրեմն, եղած էր զեղչել ներածական բանալի-պարը:
Թերեւս, որովհետեւ թարգմանութիւը հաշմած էր լեզուականը, ինչ որ հիմնականն է կատակաբան Պլեքի պարագային, հարկ էր այդ փոխարինել ֆիզիքական ծիծաղելի պատկերներով: Այդ կրնար ընդունելի ըլլալ, եթէ ներմուծուած պատկերները իմաստալից ներդրում ունենային: Ներքեւի պատկերներու պարագային, միշտ ի մտի ունենալ, որ կը պատահին հարսանիքէն լոկ 1-2 ժամ առաջ: Այսպէս.
Տելիա բեմի կեդրոնին վրայ գունաւոր սաւան մը կը ծալէ: Օգնեցէ՛ք, խնդրեմ, ի՞նչ կրնար ըլլալ այդ սաւանի խորհրդանշական իմաստը:
Դուստրերը կը գանին Տելիայի պատրաստած անուշեղէնէն: Նախ` ինչո՞ւ մետասաներորդ պահուն նման բան պատրաստել, երբ հիւրասիրութիւնը վստահուած է ծախսալի մատակարարներու: Ապա` ինչպէ՞ս հաւատալ, որ Տելիային նման բծախնդիր տանտիկին մը հարսանիքի համար զզուելի ուտեստեղէն կը պատրաստէ:
Բաղնիքէն կը սկսի (բեմադրիչի կողմէ ներգրուած) գարշահոտութիւն դուրս գալ: Տեսարանը կ՛երկարի քանի մը վայրկեան: Ի՞նչ կրնար ըլլալ այդ գարշահոտութեան խորհրդանշական իմաստը…
Ռայըն եւ Հարփըր կը վարուին որպէս միասեռական սիրահար զոյգ: Փոխն ի փոխ հոգեբանի բազմոցին երկարիլ կարելի է հասկնալ որպէս «իրար սիրտ բանալ»: Կը քսկռտուին եւ կ՛ուտեն իրարու պնակէ: Ի՞նչ կրնար ըլլալ երկու փեսացուներուն միասեռական քսկռտուքի … բացի այդ, ինչո՞ւ չոր ու ցամաք բաներ ուտել, երբ քիչ ետք կարելի էր փառաւոր սեղանի առջեւ ըլլալ:
Ի դէպ, բժիշկը նոյնպէս ոչ միայն բացման տեսարանին մէջ, այլեւ ելոյթի աւարտին մօտ նման ելոյթներ ունեցաւ: Ի՞նչ կրնար ըլլալ բացառապէս արական կերպարներու նախահարսանիք սովահարութեան կամ որեւէ բան «ուտելու» խորհրդանշական իմաստը:
Դերակատարները յաճախ, երբեմն ալ առանց ակնյայտ պատճառի կը թաւալէին գետին: Ի՞նչ կրնար ըլլալ այդ անկումներուն խորհրդանշական իմաստը:
Հարփըրի հնարովի ծնողները մտան ներս եւ բեմին կեդրոնը կանգնած` ծամածուռ մնջախաղի միջնարար մը ըրին, որ ի հարկէ անտեսուեցաւ բոլոր դերակատարներուն կողմէ, որովհետեւ մաս չէր կազմեր բնագրին: Ի՞նչ էր այդ անտեսուած մնջախաղի խորհրդանշական իմաստը: Բացի այդ, ինչո՞ւ համար անոնց տրուած էր հիփփիական յիմար կերպարանք, երբ պարզ է, որ Հարփըր կը պատկանի միջին կամ բարձր դասակարգի: Պէտք է ընդունիլ, որ հակառակ իր այլ թերութիւններուն` հեղինակին ստեղծած բոլոր տիպարները իրենց ներդրումը ունին(10): Չկան աւելորդ, լոկ «պատկեր» կերպարներ: Այս իմաստով ներմուծուած ծնողք-զոյգը անյարիր է զաւեշտի բնոյթին եւ այլն, եւ այլն: Ի՞նչ նպատակի կը ծառայէին բոլոր այս երեւակայութենէ զուրկ, անտեղի ներմուծումները: Պարզ է` ծիծաղ կորզել: Նոյն նպատակին կը ծառայէր նաեւ կարգ մը դերակատարներու կարգ մը տեսարաններու մէջ ցուցաբերած ձեւապաշտ (mannerist) խաղարկութիւնը: Ի դէպ, այդ կը նշանակէ, որ խաղարկութեան ընդհանուր ներդաշնակ ուղղութիւն չկար:
Հուսկ բանք.- Ընտրուած է չորրորդական մակարդակի կատակաբանի մը միակ գործը (11, 12 ), որուն նպատակն է ներկայացնել ինքնարդարացման ինքնակենսագրական մը: Նպատակն է սեւաբանել զինք մերժող գրագիտուհին: Կը խնդրեմ, որ այսուհետեւ չկրկնուի այն յանկերգը, թէ` «նիւթը ժամանակակից է»: Աւելի՛ն. թարգմանութիւնը խողխողած է կատակաբանի սրախօսութիւնները եւ այդպիսով վերացուցած` զաւեշտի գլխաւոր, գրեթէ միակ հաճելի յատկութիւնը:
«Արեգ»-ը դպրոց-թատերախումբ է: Շրջանաւարտները դերակատարներու յաջորդ սերունդը պիտի ըլլան: Միթէ այս աւա՞նդը պիտի փոխանցենք անոնց, թէ՞ կարելի է մոռնալ թատրերգութեան ասքը եւ ելոյթը հիմնել յարիր կամ անյարիր խեղկատակութեան վրայ, թէ՞ «Տէր Մելքոնեան»-ի հանդիսատեսը այնքան անբան է, որ կը ծիծաղի միայն, երբ կը քաշկռտուինք եւ կը տապլտկինք:
Թատերախումբի նախորդ ելոյթին` «Լէոն»-ի մէջ (Նիլ Սայմընի «Յիմարները») եւս առկայ էին անհասկնալի յաւելումներ եւ խեղկատակութիւն: Բայց առկայ էին նաեւ գեղարուեստական տարրեր եւ աւելի յարիր խաղարկութիւն(13): Ներկայ ելոյթը, ցաւօք, քայլ մըն է դէպի ետ:
26 ապրիլ 2019
(Շար. 2 եւ վերջ)
———————-
9. Friend T, «Lewis Black, Playwright», New Yorker, 5 յունիս 2012:
10. Andrew S. Hughes, Lewis Black՛s «One Slight Hitch», South Bend Tribune, November 9, 2017:
11. Farmer, J. «Lewis Black-penned play has One Slight Hitcհ», ARTSALL 15 յունուար 2015:
12. Saltzman S, «One Slight Hitch», Curtain Up New Jersey theater review, 12 Oct, 2012:
13 Հ. Պարսումեան, «Փորձառական հեքիաթ», «Ազդակ», 13 յուլիս 2017: