Շաբաթ, 6 յուլիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 16 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս Սքուատրա մրցումը:
«Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով. անիկա 87-66 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ՀՄԸՄ-ի կազմը: