Ինչպէս ծանօթ է, Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը:
Զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը` 7-5, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ֆրանսացի Լուքաս Փուիլի դէմ:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ 5 վայրկեան:
Այսպիսով, 2-րդ դասուած Ֆետերեր դարձաւ առաջին թենիսմենը, որ կրան շլեմի մրցաշարքերուն ընթացքին կ՛արձանագրէ 350 յաղթանակ:
Քառորդ աւարտականի տոմս մը ապահովելու համար ան պէտք է շրջանցէ նաեւ իտալացի Մաթէօ Պերեթինիի արգելքը: