ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի յաջողիք վերջերս ծագած հարց մը լուծել: Պիտի ուրախանաք, երբ ձեր ընկերները ձեր կողքին տեսնէք նեղութեան ժամանակ: Դասաւորեցէք ձեր անձնական գործերը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Համարձակութեամբ եւ ճկունութեամբ քննարկեցէք հարցերը: Ձեզի չյարմարող պայմանները մի՛ ընդունիք: Ընկերային եւ ընտանեկան հարցով մը պիտի մտահոգուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր փոփոխական եւ վատ տրամադրութենէն ձեր շուրջինները պիտի նեղանան: Սխալներ գործելէն զգուշ եղէք, որպէսզի անոնց գինը սուղ չվճարէք: Դժուար ու տագնապալից շրջան մըն է, հանդարտ մնացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր առողջական պայմանները նկատի առէք, ապա համաձայնեցէք ձեզի առաջարկուած աշխատանքներուն: Ամէն բանէ առաջ հանգիստի պէտք ունիք: Ձեր ժամադրութիւնները յարգեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պէտք է թեթեւցնէք ձեր հոգերը: Բաւարար հանգիստի համար պէտք է ճամբորդութիւն մը կատարէք: Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկին փորձեցէք, մինչեւ որ ստանաք ձեր ուզած արդիւնքը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պէտք ունիք, որ ձեր սիրելիները ձեր կողքին ըլլան: Ձեր գործերը թեթեւցուցէք եւ ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին ու անձնական կեանքին: Ամսուան հաճելի օրերէն մէկն է:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Զրոյցներ պիտի ունենաք ձեր գործատիրոջ հետ, որուն պիտի ներկայացնէք ձեր առաջարկները եւ մտահոգութիւնները: Միշտ պատրաստ եղէք լսելու ուրիշներուն կարծիքը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Լաւ կը պահէք ձեր նիւթական հաւասարակշռութիւնը: Քննութեան մը պիտի մասնակցիք եւ յաջողիք: Ձեր ծնողներուն առողջական վիճակով պիտի մտահոգուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի քաջալերուիք եւ համարձակ քայլ մը պիտի առնէք: Դրական շրջան մըն է, աշխատեցէք ձեր բոլոր հարցերը լուծել: Եթէ օգնութիւն խնդրեն ձեզմէ, մի՛ մերժէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հեռու մնացէք աղմուկէ եւ բացասական մթնոլորտէ: Վերջերս պատահած հարցին մանրամասնութիւնները սերտեցէք, որպէսզի արագ լուծումի յանգիք: Ամսուան քիչ բախտաւոր օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Աշխուժ գործունէութիւն պիտի ծաւալէք ձեր ընկերային միջավայրին մէջ: Հանգիստ ու հաճելի պահեր պիտի ապրիք ձեր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն կողքին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք, բայց նոյն ատեն դժուար քննութիւն մը պիտի յանձնէք: Աշխատանքային նոր ճնշումներ երեւան պիտի գան. համբերող եղէք եւ պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը: