Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, «Չեմփս» ակումբին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունեցաւ պասքեթպոլի իւրայատուկ մրցաշարք մը` Հայրերու օրուան առիթով:
Լիբանանցի պասքեթպոլիստներ, անցեալի խաղացողներ, մարզիչներ եւ իրաւարարներ, իրենց զաւակներուն հետ մրցեցան իրարու դէմ` ստեղծելով բաւական հետաքրքրական եւ անմոռանալի պահեր:
Իւրաքանչիւր խումբի մաս կազմեցին երկու խաղացողներ` հայր մը եւ իր զաւակը (տղայ կամ աղջիկ):
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
14 տարեկանէն վար (աղջիկներ).
1.- Ճօ եւ Ճէյն-Թիա Մանսուր
2.- Ռապիհ եւ Ժուլիա Մասրի
18 տարեկանէն վեր (աղջիկներ).
1.- Իպրահիմ եւ Մարի-Ճօ Տունի
2.- Մարուան եւ Թրէյսի Էկօ
12 տարեկանէն վար (տղաք).
1.- Ֆետի եւ Հետի Խաթիպ
2.- Տենի եւ Սերժ Համմուշ
16 տարեկանէն վար (տղաք).
1.- Անտրէ եւ Ճեֆրի Ասսի
2.- Ֆետի եւ Ժիհատ Խաթիպ
18 տարեկանէն վեր (տղաք).
1.- Ռըզքալլա, Ճոյ եւ Քարլ Զալհում
2.- Հապիպ, Ճիօ եւ Ռէյ Ապու Սլէյման
(ՆՇԵՆՔ, որ այս վերջինին պարագային խումբերը իրարու դէմ մրցեցան երեքական խաղացողներով):
Իսկ թրի փոյնթի մրցաշարքին յաղթական դուրս եկան Ֆետի Խաթիպ, Քարլ Զալհում, Ժիհատ Խաթիպ եւ Քայլ Մուժահես:
Աւարտին կազմակերպիչներուն կողմէ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` տօնական մթնոլորտի մը մէջ: