Ռիմա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանուհին դարձած է Սէուտական Արաբիոյ պատմութեան մէջ դիւանագիտական բարձր պաշտօն ստանձնող առաջին կինը:
Ան նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան:
Նոր նշանակուած դեսպանը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է, որ ուրախ է «հիանալի խմբակի հետ» սկսելու Ուաշինկթընի մէջ իր աշխատանքին:
Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորը Ռիմա պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ իշխանուհիի Ուաշինկթընի մէջ դեսպան նշանակման հրամանը արձակած էր 16 ապրիլին: