Պաշտօնական այցելութեամբ Վիեթնամ գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Վիեթնամի վարչապետ Նկույեն Սուան Ֆուկի հետ:
Երկու երկիրներու վարչապետները նախ առանձնազրոյց ունեցան, ապա ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ վարեցին: Բանակցութիւններուն հիման վրայ Երեւանն ու Հանոյը ստորագրեցին կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Նկույեն Սուան Ֆուկ լրատուամիջոցներուն համար հանդէս եկան յայտարարութեամբ:
Երեկոյեան Վիեթնամի վարչապետին անունով սարքուեցաւ պաշտօնական ընթրիք: